HAZIRLIK AŞAMASINDA

աւանդութիւն

հին սովորութիւն՝ որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի
anane, gelenek

աւարել

աւարի տալ, կողոպտել, բռնի յափշտակել
soymak

աւարտել

սկսուած գործ մը վերջացնել
bitirmek

աւել

բոյսերու ցօղուններով շինուած խուրձ՝ որ կը գործածուի աղբերը մաքրելու
süpürge

աւելի

պէտք եղածէն շատ (բարդ բառեր կը կազմէ նոյն իմաստով. օրինակ՝ աւելաբան =շատախօս.

աւելախնդիր

աւելորդ հետաքրքրութիւններ ունեցող եւն.)
fazla

աւելորդ

բանէ մը աւելցածը, անկարեւոր, անպէտ

աւելորդապաշտ

այն՝ որ կը հաւատայ կախարդութիւններու նման սուտ բաներու իր տգիտութեան պատճառով

աւելորդաբան

աւելորդ խօսքեր ընող
artık, fazla, lüzumsuz

աւետաբեր

աւետիք բերող, ուրախալի լուր բերող
müjdeci, muştucu

Աւետարան

այն գիրքը՝ ուր գրուած է Քրիստոսի վարդապետութիւնը կամ կեանքը, Սուրբ Գիրք
İncil

Աւետարանական

Քրիստոնէական այն դաւանանքը՝ որ չ՚ընդունիր եկեղեցական աւանդութիւնը եւ կը հետեւի միայն Աւետարանին, Բողոքական
Protestan

աւերակ

քանդուած տեղ կամ շէնք, փլատակ
virane, harabe, yıkıntı

աւիշ

կենդանական մարմիններու մէջ գտնուած ջուրի նման հեղուկ մը
lenf, akkan, özsu, usare

աւիւն

հոգեկան կամ մտքի յափշտակութիւն, խանդ, եռանդ
coşku, heyecan

աւրել

աւերել, խանգարել, քանդել, խախտել, ջնջել
bozmak

աւրշտկել

բոլորովին խանգարել, քարուքանդ ընել

ափ

ձեռքի ներսի կողմը, բուռ
avuç

ափ

ափն, եզերք, ցամաքին ու ծովուն միացած տեղը
kıyı

ափեղցփեղ

խենդ ու խելառ
abuk sabuk