HAZIRLIK AŞAMASINDA

բազմապատկել

շատցնել
katlamak, çoğaltmak

բազմապատկել

երկու թիւերէն մէկը միւսին չափ կրկնել
çarpmak

բազմապատկուիլ

խիստ շատնալ, շատ աւելնալ

բազմապիսի

բազմատեսակ, բազմազան, տեսակ-տեսակ, այլազան
çeşitli

բազմասփիւռ

շատ տեղ սփռուած, շատ տարածուած

բազմավանկ

մէկէ աւելի վանկերով կազմուած (բառ)

բազմարդիւն

շատ արդիւնք տուող, արդիւնաշատ

բազմարդիւն

բազմաշխատ, վաստակաւոր

բազմերամ

մեծ երամ կազմող, մեծախումբ

բազմերանգ

բազմագոյն, գոյնզգոյն, երփներանգ

բազմիլ

մարմինը լաւ տեղաւորելով նստիլ
kurulmak

բազմիլ

խնջոյքի մէջ սեղան նստիլ

բազմիցս

շատ անգամ, յաճախ
(bir).ok kez, defalarca

բազմոտանի

շատ ոտքեր ունեցող (չորսէ աւելի)

բազմոց

կակուղ նստարան՝ երբեմն բազկատեղերով՝ որուն վրայ քանի մը հոգի կրնան նստիլ
minder

բազմութիւն

մարդոց մեծ խումբ, ամբոխ
kalabalık

բազմօգուտ

շատ օգտակար կամ շատերու օգտակար

բազուկ

թեւ, ուսէն մինչեւ դաստակ կամ արմուկէն մինչեւ դաստակ
bilek

բազում

բազմաթիւ, շատ (բարդութեան մէջ “ու” ձայնաւորը կը կորսուի եւ բառը կ՚առնէ “բազմ” ձեւը՝ որ գրեթէ միշտ կը նշանակէ “շատ”. ինչպէս՝ բազմասխալ = շատ սխալներ ունեցող. բազմավէպ =շատ վէպեր պարունակող կամ շատ բաներ պատմող. բազմաստուած = շատ մը աստուածներու հաւատացող)

բազմասխալ

շատ սխալներ ունեցող