HAZIRLIK AŞAMASINDA

բախտ

մարդոց յաջողութեան կամ ձախողութեան չգիտակցուած պատճառը
talih, şans, baht, kısmet

բախտաբաշխ

բախտ բաշխող, բախտ բաժնող

բախտախաղ

խաղի այն տեսակները՝ որոնց յաջողութիւնը կախում ունի խաղացողի բախտէն
şans oyunu, kumar

բախտախնդիր

այն՝ որ արկածներ կը փնտռէ հարստանալու կամ փառքի համար, արկածախնդիր

բախտակից

նոյն բախտը ունեցող, նոյն վիճակին ենթարկուած

բախտացոյց

անձերու բախտը ցոյց տուող (ծննդեան թուականի համաձայն)

բախտաւոր

աղէկ բախտ կամ յաջողութիւն ունեցող, երջանիկ
talihli, şanslı

բախտորոշ

բախտ որոշող (խիստ կարեւոր դէպք կամ պահ)

բակ

տուներու դռնէն ներս մուտքի մասը
avlu, hol

բակառութիւն

ոճի այն ձեւը՝ որուն մէջ բառերը կը համաձայնին ներքին իմաստով եւ ոչ թէ քերականական կանոնով
çiftleme

բահ

հողը փորելու գործիք
kürek, bel

Բաղաամ

Սուրբ Գրքին մէջ յիշուած գուշակ մըն է որ Մովաբի թագաւորին կողմէ կ՚երթար Իսրայէլացիները անիծել բայց օր մը իր էշը լեզու ելաւ ու յանդիմանեց իր տէրը՝ որ փոխանակ անիծելու՝ օրհնեց զանոնք [Գիրք Թուոց ԻԲ 22-35]
Balam

բաղադրել

առանձին մասերէն ամբողջութիւն մը կազմել, խառնել, համադրել
türetmek, bileştirmek

բաղադրութիւն

բաղադրութեամբ գոյացած նիւթ, խառնուրդ
bileşim, bileşik

բաղաձայն

ձայնաւորի հետ կցուող գիր, ձայնաւորի օգնութեամբ արտասանուող հնչիւն

բաղաձայն

այն՝ որ երգելու յարմար ձայն չունի

բաղարջ

անխմոր հաց
hamursuz

բաղդատել

առարկաներու միջեւ յարաբերութիւնը որոշել, համեմատել
mukayese etmek, karşılaştırmak

բաղդատութիւն

բաղդատելու գործողութիւն, համեմատութիւն

բաղեղ

մշտականաչ փաթթուող բոյս մը
sarmaşık