բարեվայելչութիւն
շատ վայելուչ ըլլալ, բարեձեւութիւն
բարերար
բարիք ընող, երախտաւոր
hayırsever
բարերարական
բարերարին յատուկ, բարերարին վերաբերեալ
բարեւ
բարեմաղթութեան խօսք՝ զոր կ՚ըսեն մարդիկ իրարու, ողջոյն
merhaba, selam
բարեւել
բարեւ տալ, ողջունել
selamlamak
բարեփոխել
դէպի լաւը փոխել, բարւոքել
değiştirmek, değişiklik yapmak, düzeltmek, iyileştirmek
բարի
լաւ եւ օգտակար, ազնիւ
iyi, hayırlı, uslu
բարիք
աղէկութիւն, բարերարութիւն
iyilik, hayır, nimet
բարկ
խիստ, թթու, այրող
keskin
բարկանալ
մէկու մը արարքը խստութեամբ դիմաւորել, զայրանալ
kızmak
բարկասիրտ
բարկացկոտ, շուտ բարկացող, ցասկոտ, զայրացկոտ
բարկութիւն
զայրոյթ, ցասում
hırs, öfke, kızgınlık
բարձ
բուրդով կամ ուրիշ կակուղ նիւթերով լեցուած կտաւէ պարկ՝ որ կը ծառայէ գլխու տակ դնելու
yastık
բարձընկեցութիւն
բարձընկեց ըլլալ, շնորհազուրկ ըլլալ, բարձր կամ կարեւոր տեղը կորսնցնել, նսեմանալ
բարձի
թողի ընել ձգձգել, անտեսել, կիսատ ձգել
բարձում
ոչնչանալ, վերնալ
բարձում
հանում, պակսեցնել
բարձունք
բարձր տեղ, գագաթ, կատար
tepe
բարձր
վեր, վսեմ
yüksek
բարձրաբերձ
շատ բարձր, խիստ բարձր