HAZIRLIK AŞAMASINDA

բարձրագոյն

ամէնէն աւելի բարձր, ամենաբարձր

բարձրագոչ

բարձր գոչումով, բարձրաձայն

բարձրադէզ

իրարու վրայ կուտակուելով բարձր դէզ կազմող

բարձրադիր

բարձր դիրք ունեցող, բարձր զետեղուած

բարձրախօս

բարձր ձայնով խօսող

բարձրախօս

գործիք մը՝ որ ձայնը կը բարձրացնէ
hoparlör

բարձրահասակ

բարձր հասակ ունեցող (մարդ)

բարձրաձայն

բարձր ձայնով, բարձրագոչ բարձրանալ ցած տեղէն դէպի վեր ելլել
yükselmek

բարձրաձայն

բարձր դիրքի հասնիլ, փառաւորուիլ

բարձրասլաց

բարձրաթռիչ, դէպի բարձրերը սլացող, դէպի բարձրերը թռչող

բարձրաստիճան

բարձր աստիճան ունեցող
yüksek rütbeli

բարձրացնել

բարձր տեղ կամ դէպի վեր հանել
yükseltmek

բարձրաւանդակ

բարձր դիրք ունեցող (տեղ)

բարձրաքանդակ

պատի վրայ քանդակուած արձան՝ որ դէպի դուրս ցցուած է
rölyef

բարձրութիւն

բարձր ըլլալ, վեհութիւն

բարձրութիւն

գագաթէն դէպի խարիսխ ուղղաձիգ երկայնութիւն
yükseklik

բարձրուղէշ

բարձր ճիւղեր ունեցող, բարձրասաղարթ

բարոյագէտ

բարոյախօս, բարոյականութեան մասին գրող հեղինակ

բարոյագիտութիւն

բարին գործելու եւ չարէն խուսափելու կանոնները սորվեցնող գիտութիւն, բարոյախօսութիւն
ahlak

բարոյական

բարի նկարագիր, առաքինութիւն