բարոյապէս
բարոյական տեսակէտով, ոչ-նիւթապէս
manen
բարոյացուցիչ
բարի եւ առաքինի դարձնող, ազնուացնող, շինիչ
բարութիւն
բարի ըլլալ, ազնուութիւն, աղէկութիւն
բարունակ
պտղատու ճիւղ
(asma) dal(ı)
բարտի
բարձր ծառ մը՝ որուն փայտը յարմար է շինութեան
kavak
բարւոքել
աւելի լաւ ընել, բարեփոխել
düzeltmek, iyileştirmek
բարք
աւանդական սովորութիւն
anane
բարօրութիւն
հանգստութիւն, երջանկութիւն
բաց
չծածկուած, յայտնի
açık
բացագանչել
բացականչել, պոռալ, գոչել
ünlemek
բացադարձութիւն
ոճ մը՝ որուն մէջ հեղինակը երկրորդ դէմքով կը խօսի փոխանակ երրորդ դէմքով խօսելու
բացակայ
այն՝ որ չկայ կամ ներկայ չէ
բացակայութիւն
հոն չըլլալ, ներկայ չըլլալ
yokluk
բացայայտ
որոշ, բացէիբաց, յայտնի
(ap)açık
բացայայտիչ
այն բառը՝ որ կը բացատրէ կամ կը պարզէ
բացառական
հայերէնի հոլովներէն մէկը՝ որ սկիզբ եւ կամ պատճառ ցոյց կու տայ (հոլովակերտ մասնիկն է “է”)
çıkma durumu, -den hali
բացառիկ
ընդհանուր կանոնի դէմ, արտակարգ
müstesna
բացառութիւն
ինչ որ տարբեր կ՚ըլլայ ընդհանուր կանոնէն, զարտուղութիւն
istisna
բացասական
ժխտական, “ոչ” ըսող
menfi, olumsuz
բացաստան
բաց տեղ, անտառի մէջ առանց ծառի տեղ
açıklık, açma