HAZIRLIK AŞAMASINDA

բերկրանք

բերկրութիւն, ուրախութիւն, հրճուանք

բերրի

բեղուն, պտղաբեր, արգաւանդ
verimli

բերք

հողէն ձեռք ձգուած արդիւնք, հունձք
mahsul, ürün

բերքահաւաք

բերք հաւաքելու ժամանակը, հունձք
hasat

բեւեռ

գամ
çivi

բեւեռ

որեւէ գունդի կամ երկրագունդի առանցքին երկու ծայրերը
kutup

բեւեռային

բեւեռներուն պատկանող

բզզալ

թռչող միջատին (ճանճ, մեղու եւն.) “բը?զզ” ձայն հանելը
vızıldamak

բզզիւն

միջատներու թեւերուն թրթռացումէն գոյացած ձայնը
vızıltı

բզէզ

միջատի այն տեսակները՝ որ թռած ատեն “բը?զզ” ձայն կը հանեն, պատենաթեւ միջատ

բզքտել

բզկտել, կտոր-կտոր ընել, յօշոտել
parçalamak, yolmak

բթամիտ

ապուշ, թանձրամիտ

բժժանք

սուտ դեղ, կախարդի նշան, յուռութք
tılsım

բժիշկ

այն՝ որ հիւանդութիւնները կը բուժէ
tabip, hekim

բժշկութիւն

բժիշկի արհեստ՝ դարմանում
tababet

բժշկութիւն

առողջութիւնը վերագտնել
şifa

բիբ

աչքի ծիածանին մէջտեղը գտնուող ծակը՝ ուրկէ կ՚անցնին լոյսի ճառագայթները
gözbebeği

բիծ

տարբեր գոյնով աղտի նշան, արատ
leke

բիտ

աքաղաղի ոտքին ետեւի կողմը գտնուող սուր ճանկը
mahmuz

բիր

հաստ գաւազան, լախտ, մահակ
(kalın) sopa