բնաբան
վերնագրին յաջորդող իմաստալից խօսք
tema
բնագիտութիւն
մարմիններու յատկութեանց վրայ խօսող գիտութիւն
fizik
բնագիր
բուն գրուածք, սկզբնագիր
asıl, orijinal (metin)
բնազանցութիւն
գիտութիւնը այն նիւթերու՝ որոնք ենթակայ չեն մեր զգայարաններուն եւ կարելի չէ որեւէ փորձ կատարել (միայն հասկնալի կը դառնան դատողութիւններու եւ ենթադրութիւններու միջոցով)
metafizik
բնազդ
բնածին մղում, բնածին անգիտակից ընդունակութիւն
içgüdü
բնազդաբար
բնազդով, առանց դատելու, ինքնաբերաբար
içgüdüsel olarak, içgüdüyle
բնական
բնածին, բնութեան օրէնքներուն համապատասխան
բնական
սովորական, պարզ
tabii, doğal
բնականաբար
բնականին պէս, հարկաւ
doğal olarak
բնակավայր
բնակութեան տեղ, բնակարանին գտնուած տեղը
բնակարան
այն շէնքը՝ ուր կ՚ապրինք, տուն
ev, konut, ikametgâh
բնակիլ
տան մը մէջ հաստատուած ըլլալ, մնալ, նստիլ
yaşamak, oturmak, ikamet etmek
բնակիչ
տեղ մը կամ բնակարանի մը մէջ ապրող
բնակութիւն
բնակելու համար տեղ մը հաստատուիլ
բնակչութիւն
տեղ մը բնակող ժողովուրդին ամբողջութիւնը, ազգաբնակութիւն
nüfus, ahali
բնաձայն
բնական ձայն կամ բնութեան մէջ լսուող ձայն
բնապաշտութիւն
բնութիւնը կամ բնութեան երեւոյթները պաշտել
doğacılık, natüralizm
բնաջնջել
բնաջինջ ընել, անհետացնել, ջնջել, ոչնչացնել
imha/yerle bir/yok etmek, kökünü kazımak
բնավայր
բուն երկիրը, բուն տեղը
բնատուր
բնութենէն տրուած, ծնունդէն ի վեր եղած, բնաձիր
doğa/allah vergisi