Պարոնեանի վերբեռնումի պատմութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ յիշողութեան խոր ծալքերը վերանայելու։ Յաճախ չորս, երբեմն ալ աւելի թիւով ընկերներ սովորութիւն դարձուցած էինք կիրակի առաւօտներ մէկտեղուիլ եւ մօտ 10 քմ երթ մը կատարել Վոսփորի ափին։ Այդ երթի ընթացքին շատ անգամ կը զրուցէինք պոլսահայ համայնքային կեանքի նիւթերէն։ Այդ շաբաթ ալ մեր նիւթն էր Օրթագիւղի հայոց եկեղեցւոյ թաղականութեան մղած իրաւական պայքարը։ Թաղականութիւնը դատարանի ճամբով կ'ուզէր վերատիրանալ իր սեփականութիւնը եղած գերեզմանի տարածքին, զոր իւրացնել կը փորձէին պետութեան զինեալ ուժերը։
Աստուած իմ, ցարդ քանի-քանի անտէրունչ գերեզմաններ թաղականներու անճարակութեան հետեւանքով յափշտակուած էին անձայն-անշշուկ։ Ողջունելի էր Օրթագիւղի այդ շրջանի թաղականութեան խիզախ դիմադրութիւնը, որ աւարտին հասաւ ի նպաստ հայ եկեղեցւոյ։
Նիւթի արծարծման պահուն յիշեցինք նաեւ ԺԹ. դարու մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանը։ Ափսոս որ ան իր քննադատող եւ հեգնող սուր լեզուի հետեւանքով կը հալածուէր իր ժամանակի ջոջերու եւ կղերականներու կողմէ։ Թերեւս այդ է պատճառը, որ իր շիրիմի փոսն ալ կարճ ժամանակի մէջ անյայտացած է՝ յուշագրութեան մը չարժանանալու պատճառաւ։
Նիւթը տասնամեակներ անց վիրաւորած է մեր խիղճերը։ Եթէ ոչ շիրմաքար, գոնէ յուշարձանով մը կարելի էր մեր երախտիքը յայտնել այժմէականութիւնը մինչեւ օրս պահած այս մեծ երգիծաբանին։ Կարծես մտքի մարզանք մը ըրած ըլլայինք, այդ 10 քմ ճամբու ընթացքին որոշեցինք նիւթը պարզել մեզի ծանօթ լաւագոյն քանդակագործին՝ Էրօլ Սարաֆեանին։
Սարաֆեան ոգեւորուած ընդառաջեց մեր առաջարկին եւ քանի մը օրուան մէջ լծուեցաւ ստեղծագործ աշխատանքի։ Իր խորհուրդով դիմեցինք ճարտարապետ մեր ընկերոջ՝ Վազգէն Պարընին, քանդակին հենարանը պատրաստելու համար։ Թէ՛ հենարանին մարմարեայ աշխատութիւնը եւ թէ՛ քանդակին պրոնզէ ձուլումը որոշ գումար պիտի պահանջէին։ Այդ գումարին համար կարելի էր բարերարի մը աջակցութիւնը խնդրել, նիւթ մը, որ բացարձակապէս անընդունելի էր մեզի համար։ Որոշեցինք այդ ծախսը փոխանցել հասարակութեան՝ «Աղիւս մըն ալ դուն դիր» կարգախօսով։ Այս անգամ օգնութեան փութաց եւս արուեստագէտ ընկեր մը՝ Մինաս Օֆլազ։ Մինասը շատ նպատակասլաց ձեւաւորում մը ըրաւ։ Պատրաստեց թուագրուած տոմսի օրինակ մը, զոր ցրուեցինք մեր ընկերական շրջանակին մէջ եւ դիւրաւ հայթայթեցինք անհրաժեշտ գումարը։
Մնացեալը Յակոբ Պարոնեանի քանդակին իր բնակած թաղի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուիլն էր։ Այդ օր գաղափարը յղացողներս՝ Սարգիս Էրքօլ, Սարգիս Քիւլէկէչ, Արտաշէս Չաւուշեան եւ ես, ճարտարապետ Վազգէն Պարըն, ձեւաւորող Մինաս Օֆլազ, թաղական խորհուրդի այդ օրուան կազմը, բոլորս համախմբուած էինք եւ կը բաժնէինք յաջողած գործի ուրախութիւնը։ Միակ բացակայողը մեր սիրելի արուեստագէտն էր՝ Էրօլ Սարաֆեանը, որ խուսափած էր իրեն ուղղուած արդար եւ իրաւացի շնորհաւորանքները դիմագրաւելէ։
Այդ օր բացակայող մէկը եւս կար այս քաղաքին մէջ, որ իր գրիչով բազում անգամներ պանծացուցած էր Պարոնեանի յիշատակը, նաեւ հեղինակած էր «Յակոբ Պարոնեանի մտերմութեան մէջ» խորագրեալ հատոր մը։ Խօսքը կը վերաբերի Մարմարա թերթի բազմամեայ եւ բազմավաստակ խմբագրապետին՝ Ռոպէր Հատտէճեանին։ Ան այդ օրերուն արտասահման կը գտնուէր եւ հազիւ վերադարձին տեղեկացաւ այս անցուդարձերուն, որոնք օրը օրին տեղ գտած էին իր թերթի սիւնակներուն վրայ։ Ապա սկսաւ գրի առնել իր մտորումները, որոնք աւելի վերջ հաւաքուեցան հատորի մը մէջ՝ «Յակոբ Պարոնեան վերադարձաւ» խորագրով։
Հատտէճեան եւս կը հետեւէր Պարոնեանական հեգնանքին եւ մեծ երգիծաբանի բերնով կ'ընդվզէր՝ ըսելով. «Ամբողջ կեանքս հեռու մնալ ուզած եմ այս եկեղեցականներէն, հիմա զիս դարձեալ եկեղեցւոյ բակը բանտարկեր են»։
Այս օրերուն «Կանչ» թատերախումբի նախաձեռնութեամբ հանդիսատեսին ներկայացող բեմադրութիւնը մեկնարկ կ՚առնէ Հատտէճեանի այդ գրութիւնները՝ շարունակելով Պարոնեանի շունչն ու ոգին վառ պահել 135 տարի անց։
Պարոնեանը միշտ մեզի հետ է։