Skip to main content

Մայիս Մէկը

1 mayıs cagadamard

ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, Մայիս 1, 1923

Մայիս մէկը…աշխատաւորական միջազգային տօնը, որուն հըմայքը երբեմն, զապանակի նման, միաժամանակ ոտքի կը հանէր միլիոնաւոր բազմութիւններ, ամէն երկնքի եւ հորիզոնի տակ։ Իրական սարսափով էր որ քաղքենի դասակարգը կը սպտսէր այս մեծ օրուան, երբ ընկերվարական զանգուածքներ, պատկառելի իրենց թուովն ու կազմակերբութեամբը, հրապարակ կ՚իջնէին աղխատաւորութեան ուժը ցուցադրելու օրուան տէրերուն։ Պահ մը կանգ կ՚առնէր կեանքը ամէն կողմ, բազմամբոխ քաղաքներէն մինջեւ հսկայ գործարանները, առիթ տալու համար որ ընչազուրկները կատալին իրենց զօրանցքը, խոր եւ տւաւորիչ լռութեան մը մէջ։ Հետզհետէ Մայիս մէկը կը կորսնցներ տօնական հանգիստի իր նշանակութիւնը եւ կը դառնար փորձարան մը, ընկերվարական շարժումի ուժգնութեան եւ թափին։ Իւրաքանչիւր Մայիս կուգար նոր դափիններ աւելցնելու շահուած յաղթանակներուն վրայ եւ յոյսի ու հաւատքի թարմ ներշնչումներ տալու բանւորական զանգուածներուն։

Նուաճողական այս թափը շարունակուացաւ մինչեւ 1914ը երբ ծագեցաւ ընդհանուր պատերազմը։ Հուրի եւ սուրի քաղաքականութիւնը, որ տեւեց ամբողջ չորս տարի, ամէն շարժումի նման՝ խեղդեց նաեւ բանւորական արտայայտութիւնները։ Ազգայնական մոլեռանդ հոսանքը իր յորձանքին մէջ քշեց տարաւ ամէն ինչ որ ընկերւարական էր, գերմանական հսկայ կազմակերպութիւններէն սկսեալ մինչեւ անգլիական թումբերը, որոնց ետին ապաստանած, իրարու դէմ կրակեցին Հէրվէնէրու եւ Կաուցկիներու հայրենակիցները։ Ժօոեսը՝ կեանքովը քաւեց հոսանքն ի վեր Թիաւարելու իր յանդգնութիւնը։

Եւ երբ զինադադարը վրայ հասաւ, այլեւս անուններ միայն մնացած էին նախկին կազմակերպութիւններէն։ Յուսալքումը ընդհանուր էր եւ կազմալուծումը կատարեալ։ Ասոր փոխարէն, սակայն, կար գործունէութեան մեծ հող։ Պատերազմը, իր տեւական արհաւիրքներովն ու աւերներովը, ո՛չ միայն հնձեց միլիոնաւոր ծաղիկ հասակներ, այլեւ մոխիրի վրայ նստեցուց անհամար բազմութիւններ։ Ամէնէն մոլեռանդ պատերազմասէրներն անգամ կը զարհուրէին պարզուած տեսարանին առջեւ, իսկ համատաարած թշուառութիւնը ստեղծած էր թժգոհներու հոծ բազմութիւն մը։ Առիթը շատ նպաստաւոր էր ընկերվարական շարժումին համար. սնանկացած էր քաղքենիութիւնը, իր թիւանադիտութեամբն ու պատերազմովը. Ասպարեզը մնացած էր ընկերվաբականներուն, որոնք կրնային նոր թափ տալ իրենց գործունէութեան եւ օգտագործել ամէն կողմ բռնկած դժգոհութիւնը։

Իրականութիւնը, սակայն, բոլորովին հակառակ արդիւնք տուաւ։ Սովիէթները, որ յանուն ընկերվարութեան հրապարակ իջան եւ կարմիր դրօշ պարզեցին, իրենց գորղունէութեամբն ու սարսա՚ներովը սրբապղծեցին ընկերվարական շարժումը, խոր յուսախաբութեան մտնելով բանւորական զանգուածները։ Պոլշեւիկութիւնը դարձաւ ընկերվարութեան միջնադարեան կաթոլիկութիւնը, որ յանուն գաղափարի ամէն կողմ հաստատեց հաւատաքննական չէկաներ եւ հուրով ու սուրով խեխդեց ամէն բողոք եւ արտայայտութիւն։ 

Բարձր գաղափարականութեամբ սկսած շարժումը, տարիներու ընթացքին այքան լղրճուեցած, որ այսօր բոլորովին անճանաչելի դարձած է։ Նախապէս ամէն կողմ ծայր տուած համակրութիւնները հետզհետէ խամրեցան, վերածուելու համար բուռն հակակրութեան։ Համամարդկային սկզբունքները այլեւս դարձան անիմաստ բանաձեւեր, այնքան որ սրբութիւններ սանահարուեցան անոնց անունով։ Նոր քարոզիչները, գինովցած համաշխարհային հեղաբոխութեան երազով, խարութիւն չդրին միջոցներու մէջ, աշխարհը բռնկցնելու համար։ Այս գործունէութեան արդիւնքը այն եղաւ որ ո՛չ միայն ընկերվորական շարժումը չկրցաւ օգտագործել առիթը, այլ եւ ենթարկուեցաւ այնպիսի հակահարուածի մը, որուն ազդեցութիւնը դեռ երկար պիտի զգացուի։ Միջազգայիններու երրորդութիւնը պառակտեց Եւրոպայի ընկերվորական շարքերը եւ առիթ տուաւ քաղքենի դասակարգին, նորէն ճառելու պատերազմի եւ հին մէթսաներու մասին։ 

Ահա այս տեսակ աննպաստ պայմաններու մէջ է որ աշխատաւորութիւնը կը տօնէ այսօր Մայիս 1ը։ Չկայ այլեւս նախկին թափը, որ պատկառանք կը ներշնչէր բոլորին. միեւնոյն գաղափարին եւ տօնին անունով հրապարակ ելած խումբերը, բոխանակ մէկ ճակատ կազմելու, իրար հարուածելու ելած են։ Իտալիոյ մէջ արգիլուած է Մայիս 1ի տոնախմբութիւնը. Գերմանիոյ մէջ մարդիկ հազիւ թէ սիրտ ունին ճառեր խօսելու, երբ իրենց սրաին վրայ չոքած կը տեսնեն սպարազէն բանակներ։ Ֆրանսայի մէջ այնքան են ջլատուած ուժերը, որ իրար հարուածելու փութկոտութեան մէջ, հազիւ թէ ժամանակ ունենան լուրջ բանի մը մասին մտածելու։ Պատկերը գրեթէ նոյնն է նայեւ միւս երկիրներու մէջ։ Միայն երջանիկ Ռուսիան է, ուր Մայիս 1ը պիտի տօնուի սրտառուչ յանդիսովորութեամբ։ Սովեէթները պիտի կրնան հանդարտ խղճով ծափել եւ ճառեր դնգացնել, յիշելով այն բոլորը, զոր կատարեցին յանուն բարձր իտէալներու եւ նուիրական սկզբունքներու։

Մոսկուայի համայնավարները այսօրուան իրենց գինովութեան մէջ, պիտի խորհի՞նք արդեօք որ ասգին, օտար երկիրներու տակ, կը հեծէ թափառական ժողովուրդ մը, իսկական ընչազուրկներու բազմութիւն մը, որ իրենց տեւական մարզանքներուն զոհ գնաց, քշուելով հայրենի երկրէն։

Մայիս 1…. բայց ե՞րբ պիտի գայ իսկականը, իրապէս համամարդկայինը, երբ ընկերվորական սկզբունքներու ջահակիրները, փոխանակ իրար փոխանցելու եւ մանր ազգերը ստնակոխելու, մէկ ճակատ պիտի կազմեն, կռուելու համար յանուն ճնշուածներու ազատագրութեան։