Խմբանկար
Հարազատի մը կորուստով կը բացուի վերյիշումներու արկղը եւ դուրս կու գան բազում ապրումներ, որ տարիներու հոլովոյթով վերածուած էին անցեալի։ Այդպէս պատահեցաւ նաեւ իմ սիրելի ընկերոջս, Եդուարդ Թովմասեանի մահէն ետք։ Աչքիս առջեւ պատկերացաւ Նառլըգաբուի եկեղեցիին մէջ կատարուած հարսանիքը։ Մեր ընկերական շրջանակի մէջ առաջին հարսնիքն էր։ Այդ տարիներուն պսակադրութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուէին Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին։ Թոմօն մերժած էր այդ հոսանքը։ Մեզմէ շատերս նախ կարծեցինք թէ ան պարզապէս քաղքենի բարքերը մերժելու համար դիմած է այս ճամբուն։ Չէինք գիտեր թէ, մեր ընկերը Ետիքուլէ ծնած ըլլալով, կը