Հանգոյցը, խայտառակը, դատումը, փնտռտուքը, կատարեալը…
Դպրոցին դռնեն դուրս, պոռալով-կանչելով դուրս նետեցի ես ինծի։ Կարծես ֆիլմի դրուագի մը մէջ ենք։ Ջղային էի։ 14 տարեկանիս առաջին օրերն էր եւ դեռ զգացումներսխօսքերով արտայայտելու մասին կեանքէն դաս մը չէի առած։ Ասոր կարեւորութեան մասին ալ չէր խօսուած։ Խոշ, հետեւեալ տարիներուն ալ մէկը բան մը չըսաւ։ Անձամբ, կամ ուրախ հետքերս յիշելով կամ ալ խորունկ վէրքերս քերելով, արտայայտուելու կարիքը ինքնաբերաբար յորդեցաւ մէջէս։ Ես ալ ասոր մասին խօսելու եկած էի։ Բարեւ։