Skip to main content

Ամենաերկար գիշերը

Գծագրութիւն՛ Հրանդ Գալէմքէրեան
Görsel açıklaması: Գծագրութիւն՛ Հրանդ Գալէմքէրեան

Մարտի սկիզբն էր տակաւին, արեւը լման իր տեղն էր։ Այս եղանակին, այս օդին, սիրած գինետունը երթալն ու երկու գաւաթ զարնելը սովորութիւն էր Յովսէփին համար։ Իր մօտ աշկերտութիւն ընող եղբորորդիին՝ Արամին յանձնեց խանութը, միայն քանի մը ժամուան համար։ Դռնէն ելած ատեն լաւ մը պատուիրեց անոր. «Մինչեւ գալս խանութը քեզի կը վստահիմ կոր, ուշադի՛ր եղիր»։ Թարլապաշըէն դէպի Ասմալըմեսճիթ բարձրացաւ, նստաւ Փանթելիսի ետեւի պարտէզին անկիւնի սեղանը։ Կէս քարաֆ մը ուզեց։ Միտքը երկու գաւաթ խմել, քիչ մը գինովնալ ու ետքը խանութը գոցելով կանուխ քնանալ կար։

Գեղամը եկաւ ու Յովսէփին բոլոր ծրագիրները տակնուվրայ ըրաւ։

Նպարավաճառի մը համար բաւական մտաւորական շրջանակ մը ունէր Յովսէփը։ Գեղամը շաբթական «Արուեստ» երգիծաթերթի կարեւոր գծագրիչներէն էր։ Թերթի Սագըզաղաճըի գրասենեակէն ելած, ճամբան հանդիպած Յովհաննէսն ալ իրեն հետ առած եկած էր գինետուն՝ կռահելով որ Յովսէփը այս աղուոր օդը առիթ պիտի սեպէր։ Քիչ ետք «վարպետ» ծածկանունով Սմբատն ալ ինկաւ քովերնին։ Կազմին հետ մէկտեղ քարաֆին օղին ալ նոյն համեմատութեամբ կ’աւելնար։ Սմբատը շատ տրամադրութիւն չունէր։ Միւսներուն պէս հաճոյքով չէր խմեր կարծես։ Մտահոգ էր։ Տխուր ըլլալը օղին առանց ջուրի խմելէն յայտնի էր։ Սմբատին այս վիճակը օրուան յոգնութեան տուին։

Ինքնամփոփ նկարագիր մը ունէր Սմբատ. ընկերներուն ալ հաճոյքը չփչացնելու համար լուռ ու մունջ պարպած էր չորրորդ գաւաթը։ Ճիշդ գլուխը թեթեւ մը դառնալու սկսած էր ու ալքոլը զգալի դարձած էր, երբ Գեղամը ձայն տուաւ Սմբատին. «Բան մը կայ վրադ, հա՛տէ տեսնենք...»։ Սմբատը, ասիկա հաստատելու պէս գլուխը օրօրեց եւ ընկերներէն արտօնութիւն ուզելով սեղանէն ելաւ։

Տունը գինետունէն շատ հեռու չէր, Եիւքսեք Քալտըրըմէն դէպի Քուլետիպի իջած ատեն ձախի երկրորդ փողոցը կը բնակէր Սմբատ։ Զառիվայրը ոլոր-մոլոր իջաւ ու փողոցը մտաւ։ Երեք յարկանի շէնքի մը ամենէն վերի յարկը, չորս սենեակնոց հսկայ տուն մը ունէր։ Օղիին շիշին մէջի պէս չմնալը հասկցաւ այն ատեն, երբ վարի դրացիին՝ Գրիգորին դուռը կարծես կոտրելու պէս բանալու կը ջանար։ Աղմուկը լսող Գրիգորը շփոթած վիճակով բացաւ դուռը։ Դիմացը ուժասպառ Սմբատը տեսնելով, զայն տուն հրաւիրեց նոր եփած սուրճէն հրամցնելու համար։ Սթափելու սուրճը լաւ գաղափար սեպելով՝ Սմբատը նստաւ ցուցափեղկին ձախ անկիւնի բազկաթոռին։

Դրացին սուրճը ձեռքը, եկաւ դիմացը։ Գրիգորը գիտէր որ վարպետը հազուադէպօրէն կը գինովնար, իսկ գինովնալու չափ խմելու համար ալ պէտք էր որ տխուր ըլլար։ Ցաւ մը ունէր։ Օդը կամաց-կամաց կը մթննար։

Արեւուն մար մտնելուն ու Սմբատին սիրտը բանալուն միջեւ տասը վայրկեան կար կամ չկար։

Քաղաքական նիւթ մը պատմել-չպատմելու միջեւ տատամսեցաւ, բայց վերջապէս հաւատացած պիտի ըլլար, որ ցաւը դրացիին պատմելը միշտ աւելի լաւ կը զգացնէր զինք։ Այդ գինով վիճակով իսկ, ինչ որ կար ու չկար՝ ժամերով ջուրի պէս հոսեցաւ։ Կացութիւնը Գրիգորին կարողութենէն վեր էր։ Խոհանոց գացած ու անցեալ Զատիկէն մնացած հոնի լիքէօրը բերած էր. Սմբատը կը խմէր։ Եւ անշուշտ զայն մտիկ ընելու համբերութիւնը ունենալու համար՝ Գրիգորն ալ... Ժամերը անցած ատեն լիքէօրին տեղը գինին առած էր, գինիին տեղն ալ՝ շատախօսութիւնը։

Սմբատը գիշերուան ժամը տասնուկէսին մօտ փորձեց ելլել բազկաթոռէն։ Այնքան գինով էր որ երրորդ փորձին յաջողեցաւ։ Իսկ Գրիգորը այնքան յոգնած էր որ չէր կրնար զայն ճամբել։ Արդէն վերի յարկը կը բնակէր, ամէն օր ալ չըլլայ՝ երկու օրը անգամ մը առտու կամ իրիկուն անպայման կը հանդիպէին։ Ասկէ զատ, սխալմամբ եկած էր իր տունը։ Կարճ խօսքով՝ Գրիգորը զայն չճամբելու համար շատ պատճառներ կ՚ունենար։ Ծանր քայլերով աստիճանները ելլելէ ետք, վերջապէս բանալիները շիտակ անցքին մէջ դրաւ ու տուն մտաւ Սմբատը։ Կէս ժամ չանցած դուռը զարնուեցաւ։ Գինետուն ձգած ընկերները, Սմբատին վիճակով հետաքրքրուած՝ ուզած էին զինք տեսնել։ Չորսն ալ՝ մէկը տան մէկ անկիւնը գինով, մէկը գետին, միւսը երկինք, քնացան մնացին։

Եղածը Արամին եղաւ. առտու աչքին քուն չեկաւ, խանութին լաւ նայեցաւ։