Մարտի սկիզբն էր տակաւին, արեւը լման իր տեղն էր։ Այս եղանակին, այս օդին, սիրած գինետունը երթալն ու երկու գաւաթ զարնելը սովորութիւն էր Յովսէփին համար։ Իր մօտ աշկերտութիւն ընող եղբորորդիին՝ Արամին յանձնեց խանութը, միայն քանի մը ժամուան համար։ Դռնէն ելած ատեն լաւ մը պատուիրեց անոր. «Մինչեւ գալս խանութը քեզի կը վստահիմ կոր, ուշադի՛ր եղիր»։ Թարլապաշըէն դէպի Ասմալըմեսճիթ բարձրացաւ, նստաւ Փանթելիսի ետեւի պարտէզին անկիւնի սեղանը։ Կէս քարաֆ մը ուզեց։ Միտքը երկու գաւաթ խմել, քիչ մը գինովնալ ու ետքը խանութը գոցելով կանուխ քնանալ կար։