Skip to main content
Պլօկ // Blog Հայերէն

«Հարկաւ»ը մէկ տարեկան է . լոյս տեսաւ ութերորդ թիւը

hargav

Եսայեան միութեան երդիկին տակ լոյս տեսնող «Հարկաւ» ֆանզինը իր առաջին տարին բոլորեց։ Այս մէկ տարուան ընթացքին 53 հոգի մասնակցեցաւ «Հարկաւ»ի էջերուն։ Ութը թիւերէն զատ, Եսայեան վարժարանի աջակցութեամբ, յատուկ «Հարկաւ» մըն ալ պատրաստուեցաւ հայ դպրոցներու բոլոր ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ։

«Հարկաւ»ի ութը թիւերուն կողքերը

Գալով Սեպտեմբեր–Հոկտեմբեր թիւին։ Կողքը կը պատկանի Այտա Տէր Բարթողեանին՝ 90-ական թուականներու Պոլսոյ նկարչուհիներէն մէկուն, որուն անունին շատերս առաջին անգամ կը ծանօթանանք «Հարկաւ»ի շնորհիւ։ 1923-ին ծնած Տէր Բարթողեան իր գիծը զարգացուցած էր նկարիչ Պետրի Ռահմիին քով։ 1997-ին Պարոմետր արուեստի կեդրոնին մէջ բացուած «Թռչունները» ցուցահանդէսը, ուր ան ալ կը մասնակցէր, Թուրքիոյ առաջին առցանց ցուցահանդէսներէն մէկն էր։ Նկարչուհին մեզի կը ներկայացնէ Լարա Սուլուօղլուն։

Ինչպէս վերջին երկու թիւերուն, այս անգամ ալ Պերճ Արապեանը ներկայ է իր լուսանկարով։ Մուրազ Սարանկիլը «Ու ես երկար կը մնամ շեմին» վերնագրով գրի կ՚առնէ իր մանկութեան յուշերը։ Թալիա Էօքքէ Պէյօղլուի յայտնի շէնքերուն մասերէն տպագրական հետքեր ստեղծած եւ զանոնք միացուցած է գրութեան հետ։ Վահագն Քէշիշեան «Ֆրանքէնշթայն եւ Պետրոս Դուրեան» գրութեամբ 1871-ի Պոլիսը կը տանի մեզ, ուր գիտութիւնն ու գրականութիւնը կը հանդիպին։ Նարօտ Աւճը կը բաժնէ «չափը կասկածելի» սաղմոնի մը խոհագիրը, Մարալ Ֆուքս՝ «Մեմա եւ Մարքօն» պատմուածքը, Մարալ Բերք՝ «Եղանակներս» բանաստեղծութիւնը, իսկ Վարդան Էսդուգեան եւ Գոգոր՝ «Այդ երկու ընկերներուն» պատկերապատումը։

«Հարկաւ»ը կրնաք գտնել Եսայեան միութենէն, Արաս հրատարակչատունէն, Նոսթալճի գրատուն-սրճարանէն եւ Ֆրանքէնշթայն գրատուն-սրճարանէն։ Թիւին բովանդակութիւնը կարելի է տեսնել այստեղ։

Եթէ կ՚ուզէք մաս կազմել յաջորդ թիւերուն, ղրկեցէք ձեր նիւթերը՝ contact@yesayan.org։

Paylaş · Տարածել

Okumaya devam edin // Շարունակեցէք կարդալ

Հայերէն Յիշել Շահան Արծրունին Հայերէն Ո՞վ կը դառնայ արխիւի առարկայ Հայերէն «Հայ եմ» ասելու ճանապարհը