Skip to main content
Պլօկ // Blog Հայերէն

Տուփէն ելած գլխարկավաճառ Լէօնի հետքերով

Գլխարկավաճար

Այսօր Եսայեան Միութեան արխիւի սենեակը մտայ ու սկսայ տուփերէն քանի մը հատին նայիլ։ Վրան «Փորթրէ» գրուած տուփը խառնած ատենս աչքս զարկաւ հին թուղթի մը, որուն վրան «Լէօն գլխարկավաճառ»ի մը ծանուցումը կար։

Գրութիւնը կարդացած ատենս, հին գլխարկավաճառի մը լուրը տեսնելով ժպտացի։ Ղալաթիոյ մէջ, հին Պորսայի ետեւը՝ Տէմիր խան, թիւ 13-ի մէջ գտնուող այս խանութը այր մարդոց եւ տղոց գլխարկները կը ներկէր, կը մաքրէր ու ձեւը կը փոխէր։ Ասկէ զատ, «500 դահեկանէ աւելի գնում ընողներուն հին գլխարկ մըն ալ բոլորովին ձրի» կը մաքրէր ու կ՚արդուկէր։ Ժամանակը կը փոխուի, սովորութիւնները կը փոխուին։ Հիմա մեր հագուստները անմիջապէս կը մաշին, ամէն ինչի պէս շուտով կը սպառին։ Անշուշտ փոփոխութիւնը բնական է. բայց այն օրերուն գլխարկ մը նորոգել, արդուկել, երկար տարիներ գործածել… Ուրիշ զգացում մը տուաւ ինծի։

Այս պզտիկ ծանուցումէն ետք հետաքրքրուեցայ եւ գլխարկավաճառը համացանցին մէջ փնտռեցի։ Աճուրդի մը մէջ ծախուած, 1927 թուականի թուղթ մը ելաւ դիմացս՝ «Ղալաթիա Տէմիրքափըի մէջ գլխարկավաճառ Լէօն Եանքոյի վաճառատան ստորագրութեան շրջաբերական»։ Ծանուցումին մէջի «Տէմիր խան»ը եւ այս թուղթին մէջի «Տէմիրքափը»ն նո՞յն տեղն են արդեօք։ Վստահ չեղայ. եթէ մեր մէջ այս թաղն ու անոր պատմութիւնը լաւ գիտցողներ կան, հաճիս մեզի գրեն։ Միւս կողմէ, այս շրջաբերականին աճուրդի մէջ ծախուած ըլլալը տեսնելով՝ սիրտս քիչ մը նեղուեցաւ։ Երանի թէ որպէս միութիւն մենք կրնայինք առած ըլլալ։ Կամ աւելի լաւը՝ երանի թէ պարպուող տուներէն հնավաճառներու ձեռքը ինկող մեր այս մշակութային ժառանգութիւնը ուղղակի մեր հաստատութիւններուն ձեռքը անցնէր։ Այսպէսով մեր յիշատակներուն ետեւէն հնավաճառներու մօտ պտտելու ստիպուած չէինք ըլլար, կամ ասոնք փողոցները աղբ չէին դառնար…

Այս բոլորը ինծի մտածել տուաւ մեր տուներուն մէջ պահուած իրերուն մասին։ Այս իրերը՝ ընտանեկան յիշատակները, միայն մեզի՞ կը պատկանին, թէ՞ ամբողջ համայնքին։ Երկրաշարժներու, հրդեհներու, պատերազմներու մէջ պատմութիւնը կը ջնջուի. ընտանիքներու պատմութիւնները, ժառանգութիւնները մէկ անգամէն կ՚անհետանան։ Բայց չէ՞ որ մեր ընտանիքին յիշողութիւնը միաժամանակ այդ ժամանակաշրջանին եւ մեր հաւաքական յիշողութիւնն է նաեւ։ Արդեօ՞ք այս թուղթերն ու իրերը միայն մեզի պահելով՝ 50 տարի ետք անոնց կորսուելուն կամ հնավաճառներու իյնալուն պատճառ կը դառնանք։

Չեմ գիտեր, պարզապէս ասոր վրայ կը մտածեմ։ Միակ փափաքս այն է, որ ամէն անձ իր ձեռքին տակը եղած այս արժէքաւոր թուղթերուն գոնէ թուային օրինակները պահելու համար արխիւներով աշխատող մեր հաստատութիւններէն օգնութիւն խնդրէ։

Paylaş · Տարածել

Okumaya devam edin // Շարունակեցէք կարդալ

Հայերէն «Հարկաւ»ը մէկ տարեկան է . լոյս տեսաւ ութերորդ թիւը Հայերէն Յիշել Շահան Արծրունին Հայերէն Ո՞վ կը դառնայ արխիւի առարկայ