Skip to main content

Sözlük // Բառարան

ծագ

uç, bucak

ծայր, սահման

ծագիլ

doğmak

մէջտեղ ելլել, ծնիլ

ծալ-ծալ

kat kat, pli(li)

շատ ծալքեր ունեցող

ծալլել

katlamak

ծալել, որեւէ բանի մէկ մասը միւս մասին վրայ դարձնել, փոթել

ծալք

kat, kıvrım, büklüm, pli

ծալլուած տեղին կամ ձեւին տեսքը, փոթ

ծախել

satmak

դրամի փոխարէն ձեռքէ հանել (ապրանք մը), վաճառել

ծախող

pastane

խանութ

ծախու

satılık

ծախուելիք, վաճառելի (որեւէ ապրանք)

ծախսել

harcamak

որեւէ նիւթ կամ դրամ սպառել

ծախք

masraf

ծախս, այն գումարը կամ դրամը՝ որ կը գործածուի որեւէ նպատակով

ծածան

sazan

անոյշ ջուրի ձուկ մը

ծածանիլ

dalgalanmak

ալիքի ձեւով շարժիլ, տատանիլ, ծփալ

ծածանում

dalgalanma

ալիքի ձեւով շարժում, ծփանք, տատանում

ծածկագրութիւն

şifre

գաղտնի նշաններով գրութիւն

ծածկանուն

takma ad, mahlas

Բ անուն մը (բուն անունը ծածկելու համար), կեղծանուն, գրչանուն (գրողներու)

ծածկել

örtmek

վրան գոցել՝ պահպանելու կամ անտեսանելի դարձնելու համար

ծածկոյթ

örtü

ծածկոց, այն՝ որ ծածկելու կը ծառայէ

ծածկուիլ

örtülmek, saklanmak, kaplanmak

ծածկոյթի տակ մտնել, պահուիլ

ծածուկ

örtülü

ծածկուած, գաղտնի, թաքուն

ծակ

delik

փոքրիկ բացուածք կամ փորուածք, ծերպ

ծակել

delmek

փորելով կամ պատռելով ծակ բանալ

ծակծկել

delik deşik etmek

շատ տեղէ՝ կամ շատ անգամ ծակել

ծակոտկէն

gözenekli

շատ մանր ծակեր ունեցող

ծաղիկ

çiçek

բոյսի մը գունագեղ ու հոտաւէտ մասը

ծաղկախտ

çiçek (hastalığı)

ծաղիկ հիւանդութիւնը

ծաղկակաղամբ

karnabahar

կաղամբի տեսակ մը, ընդակաղամբ

ծաղկաման

vazo

ծաղկակալ, ծաղկանօթ, մէջը ծաղիկ դնելու աման

ծաղկանոց

çiçek bahçesi, çiçeklik

ծաղկոց, ծաղկաստան, ծաղիկներու պարտէզ, բուրաստան

ծաղկապսակ

taç

ծաղիկի մը թերթիկներուն պսակաձեւ ամբողջութիւնը

ծաղկավաճառ

çiçekçi

ծաղիկներ ծախող

ծաղկաւեր

çiçek bozuğu, çopur

ծաղկատար, ծաղիկ հիւանդութենէն՝ երեսին վրայ փոսիկներ ունեցող

ծաղկաւէտ

çiçekli

ծաղկաշատ, ծաղիկներով լեցուն

ծաղկաքաղ

antoloji, seçki, güldeste

ընտիր գրուածքներու հաւաքածոյ, հատընտիր

ծաղկեպսակ

çelenk

պսակի ձեւով կամ շրջանակաձեւ ծաղկեփունջ (գերեզմանի վրայ դրուած)

ծաղկեփունջ

buket

ծաղիկներէ կազմուած փունջ

ծաղկիլ

serpilmek, gelişmek

յառաջանալ, զարգանալ, բարգաւաճիլ

ծաղկիլ

çiçek açmak

ծաղիկ բանալ, ծլիլ, փթթիլ

ծաղու

alay konusu, maskara, rezil (rüsva/kepaze)

նշաւակ ծաղրուծանակ, խաղքխայտառակ

ծաղրանկար

karikatür

ծաղրապատկեր

ծաղրանք

alay

ծաղր, մէկը ծիծաղելի դարձնելու համար ըսուած խօսք

ծաղրել

alay etmek

ծիծաղելի կողմերով ցոյց տալ (խայտառակելու կամ վրան խնդալու համար), հեգնել

ծամ

saç

մազ, վարս, հեր

ծամածռել

burun kıvırmak

ծռմռել, քանի մը տեղէն ծռել (դէմքը՝ իբրեւ տհաճութիւն)

ծամել

çiğnemek

ակռաներով փշրել կամ ճզմել

ծամծմել

gevelemek

երկար ծամել՝ առանց կարենալ մանրելու

ծայր

uç, baş

սկսած կամ վերջացած կէտը

ծայրայեղ

aşırı

ծայր աստիճանի, չափազանց, տարապայման, արտակարգ, անսովոր

ծայրայեղութիւն

aşırılık

ծայրայեղ վիճակ, չափազանցութիւն

ծայրանուն

akrostiş

ոտանաւորի մէջ՝ տողերուն սկիզբի գիրերով կազմուած անուն (վերէն վար)

ծանծաղ

sığ

ծանծաղուտ, ոչ-խոր, խրուտ