Skip to main content

Sözlük // Բառարան

Ը

olmak

դիմորոշ յօդ ըլլալ վիճակի մը մէջ գտնուիլ, հանդիսանալ

ըղձալ

arzulamak, dilemek

իղձ կամ փափաք ունենալ, բաղձալ, ցանկալ, տենչալ

ըղձական

istek kipi

բայերու խոնարհումի եղանակ մը՝ որ կը կազմուի “թող” մասնիկով

ըղձանք

arzu

իղձ, բաղձանք, փափաք

ըմբերանել

ağzını kapamak

մէկու մը բերանը գոցել, լռեցնել, պապանձեցնել

ըմբիշ

pehlivan, güreşçi

ըմբշամարտիկ, ուժեղ մարդ՝ որ կը կռուի առանց զէնքի, գօտեմարտիկ

ըմբոշխնել

(afiyetle) yemek, tadına varmak

հաճոյքով ուտել, ճաշակել, վայելել

ըմբոստ

asi

գլուխ վերցնող, անհնազանդ, ապստամբ

ըմբռնել

kavramak

վերահասու ըլլալ, հասկնալ

ըմբռնելու

yetenek

յարմարութիւն

ըմբռնում

idrak, anlayış, kavrayış

հասկացողութիւն

ըմպել

içmek

խմել, կուլ տալ (որեւէ հեղուկ)

ըմպելի

içki

ինչ որ կարելի է խմել, խմիչք

ընդամէնը

tamamı, yekûn(u)

ամէնը մէկէն, բոլորը միասին

ընդարձակ

geniş

մեծ տարածութիւն ունեցող, լայնատարած

ընդարմանալ

uyuşmak

զգալու կարողութիւնը կորսնցնել, թմրիլ

ընդգծել

altını çizmek

գրուած բառի մը կամ խօսքի մը տակէն գիծ քաշել, ստորագծել

ընդգրկել

kucaklamak, haiz olmak, kapsamak

գրկին մէջ առնել, փարիլ

ընդդէմ

karşı

հակառակ

ընդդիմադիր

muhalif

դէմ դնող, հակառակորդ

ընդդիմախօս

muarız

հակառակ խօսող, հակաճառող

ընդդիմահարութիւն

çarpışma

դէմ դիմաց զարնուիլ, ընդհարում

ընդդիմանալ

direnmek

դիմադրել, հակառակիլ

ընդդիմութիւն

direniş

դիմադրութիւն, հակառակութիւն

ընդելուզուած

iç içe

իրարու մէջ անցած, հիւսուած

ընդեղէն

tahıl

ամէն տեսակի հունտ (ինչպէս՝ ցորեն, բրինձ, սիսեռ, ոսպ եւն.)

ընդերք

bağırsaklar, bağır

փորին մէջը, փորոտիք

ընդլայնիլ

genişlemek

լայննալ, ընդարձակիլ

ընդծովեայ

denizaltı

ծովուն տակէն գացող նաւ, սուզանաւ

ընդհակառակը

tam aksi(ne)

ճիշդ հակառակը, բոլորովին հակառակը

ընդհանուր

umumi, genel

ամէնուն վերաբերեալ, հասարակաց

ընդհանրական

genel(leşmiş), evrensel

ընդհանուրին վերաբերեալ, տիեզերական

ընդհանրանալ

genelleşmek, yaygınlaflmak, yayılmak

ընդհանուր դառնալ, ժողովրդականանալ

ընդհանրապէս

genellikle

շատ անգամ, առհասարակ, սովորաբար

ընդհատ

süreksiz

կտրուած, մաս-մաս

ընդհատել

kesmek

կիսատ ձգել, ընդմիջել, կտրել

ընդհարում

çarpışma

իրարու զարնուիլ, բախում

ընդհուպ

aniden

անմիջապէս, շուտով

ընդմէջէն

içinden

մէջէն՝ կամ մէջը գտնուած տեղէն

ընդմիշտ

daima

մշտապէս, միշտ

ընդմիջել

kesmek, araya girmek

ընդհատել, կտրել, խօսքի մէջ մտնել

ընդնշմարել

sezmek

ուրիշ բանի մը մէջէն տեսնել

ընդունելութիւն

kabul

ընդունուած ըլլալ, հաւանութիւն

ընդունիլ

kabul etmek

արտօնել մէկուն՝ որ իր մօտ գայ, հիւրընկալել

ընդվզիլ

başkaldırmak, isyan etmek

վիզ կամ գլուխ վերցնել, ըմբոստանալ, ապստամբիլ

ընդվզում

isyan

ըմբոստութիւն, ապստամբութիւն

ընդօրինակել

kopya etmek

բնագրին պէս գրել, արտագրել

ընել

yapmak

աշխատութիւն մը կամ գործողութիւն մը կատարել

ընթանալ

ilerlemek, gitmek, seyretmek, yol almak, sürmek, akmak

արագ-արագ երթալ, վազել

ընթացաւարտ

mezun

դպրոցը աւարտած, շրջանաւարտ