Նշանեանի գրականութեան հետ ծանօթացայ «Ժոզեֆինա երգչուհին» թարգմանութեան միջոցաւ: Հատորը կարդալէ եւ Նշանեանի հետ մեկնաբանելէ յետոյ անդրադարձայ հայալեզու մտաւորական կեանքի բացակայութեան։ Փորցառութիւնը ունեցայ հայերէնով աշխարհին բացուելու: Հետաքրքրութիւնս ընդլայնացաւ «Թարգմանել օտարութեան մէջ» յօդուածով:
Այս յօդուածին մէջ Նշանեան կը քննէ թարգմանութեան ծառայութիւնը, մանաւանդ՝ օտարութեան մէջ թարգմանելու ծառայութիւնը: Քննարկումը կը սկսի արեւմտահայերէն թարգմանութեան մասին քանի մը յատկանշական տեղեկութիւններով: