Skip to main content

Sözlük // Բառարան

կարկատանք

yama

կարկտան, պատռածը կամ մաշածը կարելու կտոր

կարկատել

yamamak

կարկտել, քակուած կամ պատռած բան մը կարել

կարկին

pergel

շրջանակ կամ աղեղ գծելու գործիք

կարկուտ

dolu

օդին մէջ սառած անձրեւ

կարճ

kısa

երկայնութիւնը՝ կամ տեւողութիւնը քիչ

կարճահասակ

kısa boylu

կարճ հասակով, կոլոտ, կոտակ

կարճամիտ

aklı kısa

խելքը կարճ, պակասամիտ

կարճատես

miyop

հեռուն չտեսնող, ոչ-հեռատես

կարճատեւ

kısa süreli

քիչ ատեն տեւող, շուտ անցնող

կարմիր

kırmızı

արիւնի կամ բոցի գոյն, շէկ

կարմրալանջ

saka (kuşu)

թռչուն մը (լանջքը կարմիր)

կարմրախտ

kızıl

տարափոխիկ հիւանդութիւն

կարմրիլ

k›zarmak

կարմիր գոյն ստանալ, բոսորիլ, շառագունիլ

կարմրորակ

kırmızımsı

գոյնը կարմիրի զարնող

կարշնեղ

kuvvetli

ուժեղ, հուժկու, ջլապինդ, կորովի

կարող

yetenekli

կարողութիւն կամ ոյժ ունեցող

կարողութիւն

imkân

հնարաւորութիւն

կարողութիւն

yetenek

ընդունակութիւն

կարողութիւն

kuvvet, üs

թիւի մը աստիճանը

կարողութիւն

güç

ոյժ, զօրութիւն

կարոս

kereviz

բանջարեղէն մը

կարօտ

hasret, özlem

ունենալու կամ տեսնելու բաղձանք

կարօտ

muhtaç

զրկուած, չքաւոր, աղքատ

կարօտիլ

ihtiyaç duymak

պէտք ունենալ, պահանջել

կարօտնալ

özlemek

մէկուն կարօտը քաշել, բաղձալ

կացին

balta

փայտ կտրելու երկաթէ գործիք (փայտէ կոթով եւ սուր բերանով), տապար

կացութիւն

durum, vaziyet

վիճակ, պայման, դրութիւն

կաւ

kil

հողի տեսակ մը՝ որմէ զանազան ամաններ կը շինէ բրուտը

կաւառ

ark

ջուրի ճամբայ կամ խողովակ

կաւիճ

tebeşir

կրաքարի տեսակ մը՝ որով գրատախտակի վրայ կը գրեն

կափարիչ

kapak

որեւէ իր՝ որ գոցելու կը ծառայէ

կաքաւ

keklik

համեղ միսով թռչուն մը

կեանք

hayat, yaşam

ապրելու միջոց, ապրուստ

կեդրոն

merkez

կարեւորագոյն տեղ

կեդրոնախոյս

merkezkaç

կեդրոնէն հեռանալ ձգտող

կեդրոնաձիգ

merkezcil

կեդրոնին մօտենալ ձգտող

կեդրոնացնել

yoğunlaştırmak, toplamak

մէկ կէտի վրայ հաւաքել

կեղ

çıban

տեսակ մը վէրք կամ ուռեցք, խոց

կեղեւ

kabuk

բոյսերու եւ պտուղներու արտաքին մաշկը, կճեպ

կեղեքել

sömürmek, soymak

հարստահարել

կեղեքել

ez(iyet et)mek

չարչարել, տանջել

կեղծ

taklit, sahte, yalancı, suni, yapay, yapmacık

ինչ որ բնական չէ, շինծու, սուտ

կեղծամ

peruk(a)

կեղծ ծամ, կեղծ մազեր

կեղծամաշկ

difteri

տարափոխիկ հիւանդութիւն մը

կեղծաւոր

yalancı, sahtekâr, ikiyüzlü

կեղծիք ընող, երկերես, խաբեբայ

կեղծել

taklit etmek

բնականէն տարբեր երեւալ

կեղծիք

aldatma, yalan, foya, bahane

կեղծաւորութիւն, կեղծ խօսք կամ արարք

կեղտ

kir

աղտեղութիւն, աղտ, արատ

կենալ

durmak

կանգ առնել

կենդանաբանութիւն

zooloji

կենդանիները ուսումնասիրող գիտութիւն