Skip to main content

Sözlük // Բառարան

հոն

ora(sı/da/ya)

այնտեղ

հոս

bura(sı/da/ya)

այստեղ

հոսանուտ

akışkan

հոսող, հեղուկ, ծորուն

հոսանք

akıntı

գնացք, ընթացք, շարժում (ջուրի կամ օդի)

հոսանք

cereyan, akım

ելեքտրական ոյժ

հոսեցնել

akıtmak

վազցնել, ծորել, թափել (հեղուկ մը)

հոսիլ

akmak

որոշ ուղղութեամբ վազել (հեղուկի), ծորիլ

հոսուն

akan, akar

հոսող, անկայուն (հեղուկ)

հով

rüzgar, yel

հողմ, քամի

հովահար

yelpaze

հովհար, օդը շարժելով հով տուող (որեւէ իր)

հովանաւորութիւն

himaye, koruma, koruyuculuk

հովանաւոր կամ պաշտպան ըլլալ

հովանի

gölge

ծառի շուքը՝ որ կը պաշտպանէ տաքէն,

հովանոց

şemsiye

վրանաձեւ առարկայ մը՝ որ արեւէն կամ անձրեւէն կը պահպանէ,

հովիտ

vadi, dere

երկու լերան միջեւ ցած տեղ, ձոր,

հովիւ

çoban

ոչխարներ արածող մարդ, խաշնարած,

հովուերգութիւն

pastoral şiir

բանաստեղծութեան այն տեսակը՝ որ կը նկարագրէ գեղջկական կեանքը

հոտ

koku

մարմիններուն արձակած գոլորշին՝ զոր կ՚ստանանք մեր քիթով,

հոտաւէտ

kokulu

հոտ ունեցող

հոտիլ

kokmak

հոտ արձակել

հոտոտել

koklamak

հոտուըտալ, քիթով՝ օդը շարունակ ներս քաշել (հոտը առնելու համար)

հոր

kuyu

ջրհոր

հորթ

buzağı

կովու ձագ

հորիզոն

ufuk

ընդարձակ տարածութեան վրայ այն գիծը՝ ուրկէ անդին չենք կրնար տեսնել (ուր երկինք եւ երկիր միացած ձեւով կը տեսնուին)

հուժկու

(güçlü) kuvvetli

շատ ոյժով, զօրաւոր, ուժեղ, հզօր

հում

çiğ

չեփած (ուտելիք)

հում նիւթ

hammadde

չգործուած նիւթ (ինչպէս՝ բուրդ, բամպակ եւն.)

հուն

yatak

ջուրի յատակ (ոչ-խորունկ)

հունձք

ürün

արտի բերք

հունձք

hasat

հնձելու գործը

հունտ

tohum

հատիկ, սերմ (շատ մը բոյսերու)

հուսկ

nihayet, son (olarak)

վերջին

հուր

ateş

կրակ

հպատակ

uyruk

երկրի մը օրէնքներուն ենթակայ անձ (որպէս քաղաքացի)

հպատակ

tabi

ուրիշի հրամանին ենթակայ,

հպարտ

övünç duyan, gururlu

իր արժանիքներուն գիտակցող, վեհ,

հպարտ

kibirli

ուրիշը արհամարհող, գոռոզ, մեծամիտ, խրոխտ, վէս,

հպարտանալ

övünmek, gururlanmak, kıvanmak, kibirlenmek

ինքզինք հպարտ նկատել

հպարտութիւն

kibir

մեծամտութիւն, գոռոզութիւն

հպարտութիւն

kıvanç, övünç

պատուի զգացում, վեհութիւն

հպիլ

dokunmak

մօտենալ ու դպչիլ (թեթեւակի)

հպում

dokunuş

դպչելու վիճակ, շփում

հռետոր

hatip

լաւ խօսող, ճարտասան

հռնդիւն

hırıltı

հոգեվարքի խռկալու ձայնը

հռչակ

şöhret, ün

համբաւ, անուն

հռչակաւոր

ünlü

համբաւաւոր, անուանի, նշանաւոր, երեւելի, մեծանուն

հռչակել

ilan etmek

լուրը կամ համբաւը տարածել, յայտարարել, ծանուցանել

հսկայ

dev(asa)

շատ մեծ, վիթխարի

հտպիտ

palyaço

ծաղրածու, միմոս, խեղկատակ

հրաբուխ

yanardağ

կրակ ժայթքող լեռ

հրազէն

tüfek

հրանօթ, ռումբ կամ գնդակ արձակող զէնք