Skip to main content

Sözlük // Բառարան

հանդերձ

birlikte

միասին, մէկտեղ, հետ

հանդերձ

giysi

հագուստ, զգեստ

հանդէպ

karşı(lık)

դէմ, դիմաց, նկատմամբ

հանդէս

dergi

պարբերաթերթ

հանդէս

tören

հանդիսութիւն, հրապարակային ցուցադրութիւն

հանդիպակաց

karşı(ki)

դիմացը գտնուող, դիմացի

հանդիպիլ

rastlamak, denk gelmek, uğramak

դէմ առ դէմ գալ, զուգադիպիլ, պատահիլ

հանդիպում

rastlantı

զուգադիպութիւն

հանդիպում

buluşma

տեսակցութիւն

հանդիսական

seyirci, izleyici

հանդիսատես, այն՝ որ ներկայ է հանդէսին, ներկայ

հանդիսատես

seyirci, izleyici , tanık

հանդիսական, ականատես, վկայ

հանդիսութիւն

tören, müsamere, toplantı.

հանդէս

հանդիսութիւն

görkem

շքեղութիւն, փառաւորութիւն

հանդուրժել

tahammül etmek, dayanmak, katlanmak

համբերել, դիմանալ, տոկալ

հանել

çıkarmak

ներսէն դուրս բերել

հանելուկ

bilmece

չգիտցուած բան, առեղծուած

հանի

nine

մեծ մայրիկ

հանճար

dâhi

բարձր իմացականութեան տէր, մեծատաղանդ

հանճար

deha

մտքի բացառիկ կարողութիւն

հանում

çıkarma

պակսեցնելու գործողութիւն, բարձում

հանուր

bütün, tüm

բոլոր, ընդհանուր, համայն, ամէն

հանրածանօթ

tanınmış, ünlü

ամէնուն ծանօթ, քաջածանօթ

հանրակառք

tramvay

ելեքտրական ոյժով շարժող մարդատար կառք

հանրապետական

cumhuriyetçi

հանրապետութեան կողմնակից

հանրապետութիւն

cumhuriyet

այն վարչաձեւը՝ որուն մէջ ժողովուրդը կ՚ընտրէ պետութեան վարիչները

հանրաքուէ

referandum, halkoyu

երկրին վերաբերեալ շատ կարեւոր հարցի մը մասին ժողովուրդին ուղղակի քուէարկութիւնը

հանք

ocak

այն տեղը՝ ուրկէ մետաղներ կամ մետաղային բաղադրութիւններ կը հանեն

հանք

maden, mineral, cevher

հողին տակ գտնուած (զանազան նիւթեր կամ մետաղներ)

հանքածուխ

madenkömürü

հողին տակ գոյացած ածուխ

հանքային

maden(i), mineral

հանքին յատուկ, հանքին վերաբերեալ

հաշիւ

hesap

տեղեկութիւն

հաշմանդամ

sakat, felçli

հաշմ, անդամներէն որեւէ մէկը պակաս՝ կամ հիւանդոտ, խեղանդամ

հաշուակալ

muhasip, sayman, muhasebeci

հաշիւ բռնող, համարակալ

հաշուակցիլ

hesaplaşmak, hesap mutabakat› yapmak

փոխադարձ հաշիւները կարգադրել

հաշուեգիրք

(muhasebe) defter(i)

պաշտօնական տետրակ՝ որու մէջ հաշիւներ կը գրուին

հաշուել

saymak

համրել, թուել

հաշուեկշիռ

bilanço

մուտքը եւ ելքը հաւասարակշռուած հաշիւ

հաշուեցոյց

fatura

հաշիւները ցուցնող ցանկ

հաշտ

barışık

առանց կռիւի, հաշտուած, խաղաղ

հաշտ

iyi

բարի, բարեացակամ

հաշտարար

barıştırıcı, arabulucu

իրարու հաշտեցնող, միջնորդ

հաշտութիւն

sulh, barış

համերաշխութիւն, սէր, խաղաղութիւն

հաշտուիլ

barışmak

խռովութեան վերջ տալ, համաձայնիլ

հաչել

havlamak

հաջել, շան պոռալու ձայնը

հապճեպ

acele

շուտ, աճապարանքով

հառաչել

iç(ini) çekmek

ա՜խ քաշել, հեծել, աւաղել

հասակ

boy

մարմնի բարձրութիւն

հասակակից

akran

նոյն հասակը կամ նոյն տարիքը ունեցող, տարեկից

հասակաւոր

boylu

բարձրահասակ

հասարակ

bayağı, adi

գռեհիկ, ստորին