Skip to main content

Ի՞նչ փոխուած է Պարոնեանէն այս կողմ

Պարոնեանի վերբեռնումի պատմութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ յիշողութեան խոր ծալքերը վերանայելու։ Յաճախ չորս, երբեմն ալ աւելի թիւով ընկերներ սովորութիւն դարձուցած էինք կիրակի առաւօտներ մէկտեղուիլ եւ մօտ 10 քմ երթ մը կատարել Վոսփորի ափին։ Այդ երթի ընթացքին շատ անգամ կը զրուցէինք պոլսահայ համայնքային կեանքի նիւթերէն։ Այդ շաբաթ ալ մեր նիւթն էր Օրթագիւղի հայոց եկեղեցւոյ թաղականութեան մղած իրաւական պայքարը։ Թաղականութիւնը դատարանի ճամբով կ'ուզէր վերատիրանալ իր սեփականութիւնը եղած գերեզմանի տարածքին, զոր իւրացնել կը փորձէին պետութեան զինեալ ուժերը։

Պայքար արդար աշխատանքի համար

Տարիներու քաղաքական հակումներուն համապատասխան կերպով մերթ գարնանամուտի տօն կոչուեցաւ մերթ ալ բանուորներու համաշխարային օր։ Եղաւ տարիներ ուր այս տօնը նշուեցաւ զբոսայգիներու մէջ, եղաւ ժամանակներ որ քաղաքի մեծագոյն հրապարակները ռղողուին ծովածաւալ բազմութիւններով։

Subscribe to Բագրատ Էսդուգեան