Skip to main content

Պայքար արդար աշխատանքի համար

diego rivera

Տարիներու քաղաքական հակումներուն համապատասխան կերպով մերթ գարնանամուտի տօն կոչուեցաւ մերթ ալ բանուորներու համաշխարային օր։ Եղաւ տարիներ ուր այս տօնը նշուեցաւ զբոսայգիներու մէջ, եղաւ ժամանակներ որ քաղաքի մեծագոյն հրապարակները ռղողուին ծովածաւալ բազմութիւններով։

Այնպէս թէ այսպէս ներկայ պայմաններու մէջ մայիսի 1ը իր պատմութեան ամէնակենսական շրջանը կապրի։ Խստօրէն պահանչած է բանուոր դասակարգի տարիներու հոլովոյթով ապահոված ձերքբերումները։ Այլեւս չի գործեր ութը ժամով սահմանուած աշխատանքային օրուայ սկսբունքը։ Գործատէրեր դիւրաւ կը պահանչեն երկարաժամկէտ աշխատանք եւ մարդիկ կը հոժարին այդ պարտադրանքին գործազուրկ չմնալու համար։ Որգան հետաքրքրական է թէ այս բռնի պարտադրանքները կիրականանան իբրեւ թէ ազատ պայմաններու մէջ։ Վերջապէս բռնի պատրադրանքի մը մասին չէ խօսքը։ Գործատերը առաջարկած է, իսկ աշխատանքի կարիք ունեցողը համակերպած։

Մայիս 1ը աշխատողի իրաւոնւքները կարգ ու կանոնի բերելու համար մղուած պայքարը կը խորհրդանշէ։ Այժմու նոր լիպերալական համակարգի մէջ պայքարով ձերք բերուած յախթանակը վերածուած է պարտութեան։ Հետեւաբար մայիս 1ը բոլոր աշխատողներու յաբշտակուած իրաւունքները վերակերտելու համար պայքարելու լաւագոյն օրն է։ Չենք կրնար այս խորհրդանշական օրուայ հանթեպ անտարբեր մնալ։ Խնդիրը կենսական նշանակութիւն ունի իր արդար վաստակով օրապահիկը ապահովողներուն համար։ Ուրեմն պահը կը թելադրէ ամրապնդել շարքերը եւ բարցրացնել պայքարի չահը նման կեղեքումի դիմաց։