Skip to main content

Քուրպէի «Քար Կոտրողները»

գար կտրողներ

Կուսթաւ Քուրպէի 1849-ին «Քար Կոտրողները» (The Stone Breakers) ****աշհատանքը արուեստի պատմութեան մէջ յեղաշրջում մըն է։ Իրականապաշտ շարժման ամենէն խորհրդանշական նմոյշներէն համարուող այս պատկերը լոկ բանուորներու պատկերացում մը չէ, այլ ժամանակաշրջանի ընկերային կառոյցին ուղղուած խիստ քննադատութիւն մըն է։

Քուրպէ այս գործին մէջ կը նկարագրէ ճամբու եզրին քար կոտրող երկու բանուոր՝ մէկը տարիքոտ, միւսը երիտասարդ։ Աշհատանքը հասարակութեան ամենէն ստորին խաւի անտեսանելի մարդիկը նիւթ դարձուցած է։ 19-րդ դարուն քար կոտրելը ֆիզիքական աղքատութեան ամենէն ծայրայեղ կէտն էր։ Այսօր «Քար Կոտրողները»ուն նայելով կը տեսնենք, թէ Քուրպէի մատնանշած մեքենայացած մարդու հասկացողութիւնը ձեւափոխուած է։ Այսօր թերեւս քար չենք կոտրեր, բայց տակաւին գոյութիւն ունի «փրեքարիա» (prekarya) դասակարգը։ Քուրպէի քար կոտրողները որքան անդէմ ու անանուն են, նոյնքան ալ անտեսանելի են այսօրուան «կիկ-տնտեսութեան» (gig-economy) աշխատողները։

Պատկերին մէջի տարիքոտը եւ երիտասարդը կերպարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անխուսափելի շրջապտոյտը այսօրուան կարելիութիւններու հաւասարութեան քննարկումներուն մէջ տակաւին կը պահէ իր վաւերականութիւնը։ Քուրպէ 180 տարի առաջեն մեզի կը հարցնէ. «Արդեօք դրութիւնը իրապէս թոյլ կու տա՞յ անհատին դուրս գալ այս շրջապտոյտէն, թէ՝ միայն քարերուն չափերը կը փոխէ»։