Skip to main content

Sözlük // Բառարան

անդաչափութիւն

kadastro

արտերը կամ դաշտերը չափել, արտաչափութիւն

անդապահ

korucu

արտերու պահապան

անդեղեայ

panzehir

թոյնի մը ազդեցութիւնը ջնջող դեղ, հակաթոյն

անդիմադրելի

dayanılmaz, karşı konulmaz

որուն դէմ կենալ կարելի չէ, անխափանելի

անդոհ

düşünce, kaygı

մտմտուք, նեղութիւն, հոգ

անդորր

sakin

հանդարտ, խաղաղ, հանգիստ, ապահով

անդորրութիւն

sükûnet, sakin, sakinlik, huzur, huzurluluk

խաղաղութիւն, հանդարտութիւն, ապահովութիւն

անդունդ

uçurum

մեծ եւ ահաւոր խորութիւն, խորխորատ, վիհ

անդրադառնալ

düşünmek, değinmek

բանի մը մասին մտածել եւ յետոյ հասկնալ, խորհիլ

անդրադարձ

etki, yankı

դէպքի մը ըրած ազդեցութեան փոխադարձը, հակազդեցութիւն

անդրանիկ

ilk

առաջնեկ կամ մեծ

անդրի

heykel

ամբողջ հասակով մարդու արձան

անել

çıkmaz

ելք չունեցող վիճակ կամ ճամբայ

անեղ

yay

բուրդ կամ բամպակ նետելու աղեղ

անեղծ

bozulmamış, saf, tertemiz, temiz

ինչ որ կարելի չէ ջնջել կամ ապականել, անվթար

աներ

kayınpeder

ամուսնացած մարդու մը կնոջ հայրը

աներես

yüzsüz

անամօթ, անպատկառ, լիրբ

աներեւակայելի

hayal/tahayyül edilemez

ինչ որ կարելի չէ նախապէս գիտնալ կամ երեւակայել

աներեւոյթ

görünmez

անտեսանելի, անյայտ, գաղտնի, անդէմ

աներկբայ

şüphesiz, tereddütsüz

աներկմիտ, որմէ կարելի չէ կասկածիլ, անտարակոյս, ստոյգ

աներձագ

kayınbirader, kayın

աներորդի, ամուսնացած մարդու մը կնոջ եղբայրը

անզարդ

süssüz, sade

պարզ, առանց զարդարումի, բնական, անպաճոյճ

անզգոյշ

dikkatsiz

անուշադիր, անխոհեմ

անզէն

silahsız

առանց զէնքի, չզինուած

անէանալ

yok olmak

մէջտեղէն վերնալ, կորսուիլ

անէծք

beddua, lanet

մէկուն չարիք մաղթել, չար մաղթանք, նզովք

անընդհատ

durmadan, kesintisiz

առանց ընդհատուելու, անդադար, շարունակ

անընդունակ

yeteneksiz

մէկը՝ որ հասկնալու կարողութիւն չունի, անկարող

անընթեռնելի

okunaksız

ինչ որ կարդալ շատ դժուար կամ անկարելի է, չկարդացուելիք

անթառամ

solmaz

ծաղիկ մը՝ որ շատ երկար ատեն առանց չորնալու կը մնայ

անթացուպ

koltuk değneği

կաղերուն թեւի տակ դրած գաւազանը, յենացուպ

անթեղել

küllemek, gömmek

մոխիրով ծածկել, մոխիրով գոցել

անթերի

eksiksiz

պակասութիւն չունեցող, ամբողջ, կատարեալ

անթեւ

kolsuz

թեւ չունեցող, թեւատ

անթիւ

sayısız

չհամրուելու չափ շատ, անհամար

անիծեալ

lanetli

անէծքի տակ մնացած, նզովուած

անիծել

lanetlemek, beddua etmek

մէկու մը չարիք կամենալու խօսքեր ընել, նզովել

անիրաւ

haksız

Անարդար

անիրաւութիւն

haksızlık

խարդախութիւն, անարդարութիւն

անխախտ

sarsılmaz

հաստատ, հաստատուն, ամուր

անխառն

katıksız, katışıksız, saf

որուն ուրիշ բան չէ խառնուած, զուտ

անխելք

akılsız

խելք չունեցող, անմիտ, յիմար

անխիղճ

vicdansız

չար, անողորմ, անգութ

Անխոհեմ

düşüncesiz

անխելք, անմիտ, անուշադիր

անխոնջ

yorulmaz, yorulmabilmez

առանց յոգնելու, անդուլ

անխուսափելի

kaçınılmaz

որմէ կարելի չէ խուսափիլ կամ ազատիլ

անխտիր

ayrımsız, istisnasız, ayrım yapmadan

առանց իրարմէ զատելու, անխտրական, ամէնքը մէկէն

անծալ

katlanmamış, düz

չծալլուած, շիփշիտակ

անծայր

uçsuz

ծայր չունեցող, անսահման

անծանօթ

tanımadık, yabancı, bilinmeyen

այն՝ որ չի գիտցուիր, օտար