Skip to main content

Sözlük // Բառարան

անձնազոհ

fedakâr

մէկը՝ որ ուրիշներու հանդէպ միշտ շատ բարի է, անձնուէր

անձնակազմ

personel, kadro

գործի մը մէջ աշխատող մարդոց ամբողջութիւնը

անձնական

şahsi

անձի մը կամ մարդու մը վերաբերեալ, մասնաւոր

անձնասէր

hodbin, bencil

մէկը՝ որ ինքզինքը շատ կը հաւնի եւ կ՚ուզէ ամէնէն աւելի ինք օգտուիլ ի վնաս ուրիշներուն

անձնասպան

intihar eden, müntehir

ինքզինքը մեռցուցած, ինքզինքը սպաննած

անձնատուր

teslim, teslim olmuş, kendini kaptırmış, kendini vermiş

ինքզինքը յանձնած, գերի, յանձնուած

անձնաւորութիւն

şahsiyet, kişi, kişilik

կարեւոր մարդ, արժէքաւոր մարդ

անձնեայ

cüsseli, iriyarı, irikıyım

անձնեղ, խոշորակազմ, հասակաւոր եւ զօրեղ, յաղթանդամ,

անձնիւր

her biri

ամէն մէկը, իւրաքանչիւր

անձնուէր

fedakâr

անձնուրաց, ուրիշին համարզոհողութիւն ընող, անձնազոհ,

անձուկ

dar, kıt

նեղ, ամփոփ

անձրեւ

yağmur

ամպերէն իջած ջուր

անձրուկ

hamsi

պզտիկ ձուկի տեսակ մը՝ որ աղած ալ կ՚ուտուի

անճաշակ

zevksiz

մէկը՝ որ չի գիտեր աղուորը գէշէն զատել, տափակ

անճար

naçar, âciz

անօգնական, շուարած

անճոռնի

çirkin, biçimsiz, abes

շատ գէշ կամ շատ տգեղ, այլանդակ, անշնորհ

անճրկիլ

şaşırıp kalmak, acze düşmek

շուարիլ մնալ, ինչ ընելիքը չգիտնալ

անմահ

ölümsüz

այն՝ որ չի մեռնիր կամ մահէն ետք ալ միշտ կը յիշուի իր բարի եւ օգտակար գործերուն շնորհիւ

անմահանալ

ölümsüzleşmek

մահէն ետք ալ միշտ բարի յիշուիլ, անմահ դառնալ

անմահութիւն

ölümsüzlük, ebediyet

չմեռնիլ, յաւիտենապէս ապրիլ, յաւիտենութիւն

անմաքուր

kirli, temiz olmayan

աղտոտ

անմեղ

masum

յանցանք չունեցող, խիստ բարի

անմերձենալի

yanına varılmaz, erişilmez, ulaşılmaz

որուն մօտենալ խիստ դժուար է, անմատչելի

անմիջական

acil, hemen, doğrudan, dolaysız

առանց ուրիշ բանի սպասելու

անմիջապէս

hemen, derhal

շուտով, իսկոյն

անմիտ

akılsız, aptal

խելք-միտք չունեցող, անխելք, ապուշ

անմխիթար

tesellisiz

առանց մխիթարութեան, խիստ տխուր, վշտահար

անմոռաց

unutulmaz, unutulmayan

անմոռանալի, զոր կարելի չէ մոռնալ կամ չյիշել

անմտութիւն

akılsızlık

անխելքութիւն, տխմարութիւն

անյագ

obur, doymak bilmez, doyumsuz

այն՝ որ կշտանալ չի գիտեր, անկուշտ

անյագութիւն

oburluk, doyumsuzluk

որկրամոլութիւն

անյաղթ

yenilmez

չյաղթուող, անյաղթելի, չպարտուող

անյայտ

bilinmeyen, meçhul

անծանօթ, անորոշ

անյաջող

başarısız

նպատակին չհասած, ձախողած

անյիշաչար

kindar olmayan, kinci olmayan, hoş gören

մէկը՝ որ քէն կամ ոխ չի պահեր, ներողամիտ

անյողդողդ

sarsılmaz

հաստատ, անդրդուելի, ամուր

անյոյս

ümitsiz

յոյսը կորսնցուցած, յուսալքուած

աններդաշնակ

ahenksiz, uyumsuz

անհամաձայն, տակնուվրայ, համերաշխութենէ զուրկ

աննման

eşsiz

մէկ հատիկ

աննման

eşsiz

նմանը չտեսնուած, չքնաղ, շատ արժէքաւոր

աննշան

önemsiz

շատ պզտիկ կամ անկարեւոր, չնչին

աննպաստ

elverişsiz

ինչ որ ուզուածին կամ պէտք եղածին պէս չէ, անյարմար, ձախող

աննպատակ

gayesiz

առանց որոշ նպատակ կամ մտադրութիւն ունենալու

անշահ

faydasız

անօգուտ

անշահ

kârsız

առանց շահու

անշարժ

hareketsiz

այն՝ որ շարժումի մէջ չէ, կայուն

անշշունջ

sessiz, sessiz sedasız

անձայն, առանց խօսելու կամ փսփսալու, մունջ

անշունչ

cansız

առանց շունչի մնացած, մեռած

անշուշտ

elbette, tabii, tabii ki, şüphesiz

հարկաւ, այնպէս է, ի հարկէ, անկասկած

անշուք

gösterişsiz

պարզ, համեստ, անփառունակ