Skip to main content

Sözlük // Բառարան

տպաւորուիլ

kazınmak, yer etmek, etkilenmek

իբրեւ տպաւորութիւն դրոշմուիլ

տռտռալ

dırdırlanmak, dırdır etmek

շարունակ խօսելով դժգոհութիւն յայտնել (ցած ձայնով), քրթմնջել

տռփանք

şehvet

սեռային ցանկութիւն՝ կիրք

տրական

yönelme durumu, –e hali

գոյականին այն հոլովը՝ որ կը կապուի բային “որո՞ւ” կամ “ի՞նչ բանի” հարցումով

տրամաբան

mantıkçı

տրամաբանութեան մասնագէտ

տրամաբան

mantıki

տրամաբանութեան համապատասխան

տրամաբանական

mantık(i), mantıklı

տրամաբանութեամբ կատարուած, բանաւոր

տրամաբանութիւն

mantık

այն գիտութիւնը՝ որ կ՚ուսումնասիրէ ճանաչողութեան եւ մարդկային մտածողութեան օրէնքները

տրամագիծ

çap

ուղիղ գիծ՝ որ շրջանակին կեդրոնէն կ՚անցնի ու կը կիսէ

տրամադիր

niyetli, hazır

հակամէտ, յօժար, հաւանած

տրամադրել

tahsis etmek, ayırmak

մէկուն տրամադրութեան տակ դնել

տրամադրել

düzenlemek, uygun görmek, emretmek

կարգադրել, յարմարցնել, պատրաստել

տրամադրութիւն

tasarruf

բան մը ուզածին պէս կարգադրելու կամ գործածելու իրաւունք

տրամադրութիւն

keyif, niyet, anlayış

հոգեկան փոփոխական վիճակ

տրամալար

çekül

ուղղաձիգ լար (որմնադիրներու)

տրամախօսութիւն

diyalog

հարցում-պատասխանի ձեւով խօսակցութիւն

տրապէզ

yamuk

այն քառանկիւնը՝ որուն միայն երկու կողմերը իրարու զուգահեռական են

տրեխ

çarık

առանց կրունկի՝ վրան բաց ոտնաման (կակուղ կաշիով շինուած)

տրոհել

bilmek, ayırmak

իրարմէ բաժնել, անջատել, զատել

տրորել

ov(ala)mak, çitilemek

ճնշելով շփել, ճմռել

տրորել

çiğnemek, ezmek, ufalamak

ճզմել

տրտմիլ

hüzünlenmek, kederlenmek, üzülmek

տրտում դառնալ, թախծիլ, տխրիլ

տրտմութիւն

hüzün, keder, üzüntü

տխրութիւն, թախիծ, վիշտ

տրտնջալ

yakınmak, şikâyet etmek

գանգատիլ, դժգոհիլ, քրթմնջել

տրտում

hüzünlü, kederli, üzgün, kasvetli, hazin

տխուր, թախծոտ, տրտմած

տրտունջ

şikâyet, yakınma

խօսքով արտայայտուած դժգոհութիւն, գանգատ

տրցակ

deste

կապոց, ծրար, խուրձ

տփել

kötek atmak

տփոց տալ, ծեծել, հարուածել

տքալ

inlemek

ընդհատ ձայնով հառաչել (ցաւէն կամ ծանրութեան ճնշումէն)

տօն

bayram, yortu

ուրախ կամ կարեւոր դէպքի մը առթիւ կատարուած հանդէս

տօնախմբութիւն

kutlama (töreni), şenlik

խումբով կատարուած տօն կամ տօնական հանդիսութիւն

տօնածառ

Noel ağacı

զարդարուած՝ եղեւինի փոքր ծառ (Կաղանդի եւ Ծննդեան տօնի առթիւ)

տօնավաճառ

fuar

որոշ ատեններ կատարուող՝ հրապարակային առուտուր, վաճառահանդէս

տօնել

kutlamak

տօն կամ հանդէս կատարել

տօսախ

şimşir

մշտադալար թուփ մը՝ կարծր եւ շատ յարգի փայտով