Skip to main content

Sözlük // Բառարան

ցախ

çalı

մանր եւ խիտ ճիւղերով թուփ մը

ցախսարիկ

çalıkuşu

երգեցիկ փոքր թռչուն մը

ցած

alçak

ոչ-բարձր, գետնէն քիչ բարձրացած

ցածնալ

alçalmak

բարձրութիւնը նուազիլ, ցած դառնալ

ցածութիւն

alçaklık

ցած վիճակ

ցամաք

kara

երկրագունդի վրայ կարծր տարածութիւն, երկիր, հող

ցամքեցնել

kurutmak

չորցնել, գօսացնել

ցամքիլ

kurumak

ցամաք դառնալ, չորնալ

ցայգանուագ

serenat

ցայգերգ, գիշերը կատարուող երաժշտութիւն (մէկուն պատուհանին տակ)

ցայել

durulamak

պարզ ջուրով լուալ, ցօղուել

ցայել

sallamak

բան մը աջ ու ձախ կամ ետ-առաջ շարժել

ցայտել

fışkırmak, sıçramak, fırlamak

ժայթքել, պոռթկալ, ցատքել (կայծերու, կաթիլներու)

ցայտուն

parlak, göz alıcı, çarpıcı, belirgin

ակնբախ, որոշ, յայտնի

ցան

çil

երեսի կամ ձեռքի վրայ դեղին բիծեր

ցանել

serpmek

սփռել

ցանել

ekmek

սերմանել

ցանկ

liste

նիւթերու կամ անուններու բովանդակութիւն, ցուցակ

ցանկալ

arzulamak, dilemek

սաստիկ փափաքիլ, ըղձալ, տենչալ, բաղձալ

ցանկալի

arzu edilen, arzulanan, istenen

բաղձալի, ըղձալի, տենչալի

ցանկապատ

çit

ճիւղերով շինուած պատ, ցանկ

ցանկութիւն

arzu, istek

բաղձանք, տենչանք

ցանց

şebeke

նոյնատեսակ կազմակերպութիւններու ամբողջութիւն

ցանց

թելերը իրարու մէջ անցած ծակ-ծակ հիւսուածք

ցանցառ

seyrek

իրարմէ հեռու, ոչ-խիտ, նօսր

ցանցենի

ağtabaka

ցանցամաշկ, աչքին այն մաշկը՝ ուր կը կազմուի մեր տեսածին պատկերը

ցանք

ekim

սերմանում

ցանք

ekin

ցանքս, ցանուած տեղ, արտ

ցասկոտ

öfkeli

զայրացկոտ, բարկասիրտ, նեղսիրտ

ցասնուլ

öfkelenmek

զայրանալ, նեղսրտիլ, սրտմտիլ

ցասում

öfke, hiddet, gazap

սաստիկ բարկութիւն, զայրոյթ

ցատքել

atlamak, sıçramak

ցատկել, օդին մէջէն տեղափոխուիլ (արագ շարժումով), ոստնուլ

ցատքտել

hoplamak, zıplamak

ցատքռտել, ցատկռտել, շարունակ ցատքել, ոստոստել

ցարասի

ak huş, salkım huşu

ծառ մը՝ որուն բարակ ճիւղերէն աւել կը շինուի

ցարդ

şimdiye kadar

մինչեւ հիմայ

ցաւ

ağrı, sancı, acı, sızı

տանջող զգացում

ցաւագար

hasta

հիւանդոտ, ախտաժէտ

ցաւալի

acı(klı), elim, acı verici

ցաւ պատճառող, վշտալի, ողբալի

ցաւակցութիւն

acıyı paylaşma, taziye

ցաւի արտայայտութիւն (ուրիշին պատահած աղէտի մը առիթով), վշտակցութիւն

ցաւիլ

ağrımak, acımak

ցաւ զգալ

ցաւոտ

acılı, hasta(lıklı)

ցաւ ունեցող, հիւանդ

ցաւցնել

ağrıtmak, acıtmak

ցաւ պատճառել

ցաքան

sürgü

ցաք, հերկուած հողը հարթելու գործիք

ցեխ

çamur

ջուրով թրջած հողի փոշի, տիղմ

ցեղ

ırk, soy, kavim

միեւնոյն ծագումը ունեցող մարդոց ամբողջութիւնը (սպիտակ, դեղին կամ սեւամորթ) տոհմ

ցեղակից

soydaş

նոյն ցեղին պատկանող, տոհմակից

ցերեկ

gündüz

արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ, տիւ

ցերեկ

öğle

ցորեկ, կէսօր

ցերեկօթիկ

gündüzlü

ցերեկային (դպրոց), ոչ-գիշերօթիկ

ցեց

güve

վնասակար միջատ մը՝ որ բրդեղէն՝ մուշտակ եւայլն կը կրծէ

ցին

çaylak

գիշատիչ թռչուն մը, ուրուր