Skip to main content

Sözlük // Բառարան

ցիրուցան

darmadağın

ասդին անդին ցրուած, ցանուցիր

ցից

kazık

սրածայր ձող՝ զոր հողին մէջ կը մխեն

ցից

dik

ցցուած, ցիցի պէս տնկուած, սեպ

ցլամարտ

boğa güreşi

ցլակռիւ, ցուլի հետ կռիւ

ցկեանս

ömür boyu, müebbet

ցմահ, մինչեւ մահ կամ կեանքին վերջը

ցնդած

bunak

զառամած

ցնդիլ

bunamak

ցնորիլ, զառամիլ

ցնդիլ

uçmak, (dağılıp) yok olmak

օդին մէջ տարածուիլ ու անհետանալ, շոգիանալ

ցնծալ

sevinçten uçmak, neşelenmek

շատ ուրախանալ, հրճուիլ, խայտալ

ցնծութիւն

neşe, sevinç

մեծ ուրախութիւն, բերկրանք

ցնկնիլ

yavrulamak

ձագեր ծնիլ (անասուններու)

ցնորիլ

çıldırmak, bunamak

խելքը կորսնցնել, խելագարիլ, ցնդիլ

ցնցել

sarsmak

ոյժով շարժել, սարսել

ցնցղատապ

bronşit

շնչափողի բորբոքում

ցնցում

sarsıntı

ցնցուելու վիճակ, սարսում

ցոլանալ

yansımak

ցոլալ, ողորկ մակերեւոյթի մը զարնուելով ետ դառնալ (լոյսի), շողալ

ցոլք

yansıma, parıltı

ցոլացում, շողիւն, փայլ

ցոյց

gösteri

հաւաքաբար ու հրապարակաւ արտայայտուած ցանկութիւն

ցորեկ

öğle

կէսօր, միջօրէ, օրհասարակ

ցորեն

buğday

հասկաւոր բոյս մը՝ որուն հատիկներուն ալիւրէն հաց կը պատրաստեն

ցուլ

boğa

խոշոր՝ եղջիւրաւոր ընտանի կենդանի՝ որուն ամորձատը կը կոչուի “եզ”, կովու արուն

ցուպ

değnek, asa

ձեռքի գաւազան, մահակ

ցուրտ

soğuk

ջերմութենէ զուրկ, ոչ-տաք, պաղ

ցուցա

liste, çizelge

բան մը ցոյց տալու համար պատրաստուած ցանկ

ցուցաբերել

göstermek

ցոյց տալ, արտայայտել

ցուցադրել

teşhir etmek, sergilemek

մէջտեղ դնել՝ որպէսզի ամէն մարդ տեսնէ, ցուցնել

ցուցական

gösterme sıfatı/zamiri

“սա, այս, այդ, այն” բառերը (իբրեւ ածական կամ դերանուն)

ցուցահանդէս

sergi

որեւէ ձեռարուեստի կամ գեղարուեստի վերաբերեալ գործերու ցուցադրութիւն

ցուցամոլ

gösterişçi

սնապարծ, անձնապարծ, սնափառ

ցուցափեղկ

vitrin

ապակեայ փեղկ՝ որու ետին կը ցուցադրուին վաճառատան մը ապրանքները

ցուցնել

göstermek

ցոյց տալ, տեսնել տալ

ցռկակապ

ağızlık

ցռուկի կապ, բերանակապ

ցռկանաւ

kalyon

հին պատերազմական նաւ (առագաստով կամ թիերով)

ցռուկ

burun

կարգ մը անասուններու դուրս ցցուած քիթն ու բերանը, դունչ

ցտեսութիւն

görüşmek üzere

ցը, մինչեւ կրկին տեսակցութիւն՝ մնաս բարով

ցրուել

dağıtmak

ցրիւ տալ, ցիրուցան ընել, տարտղնել

ցրուիլ

dağılmak

ցիրուցան ըլլալ, տարտղնիլ

ցրուիչ

dağıtıcı, müvezzi

այն՝ որ կը ցրուէ (լրագիր, նամակ եւն.)

ցրտել

soğumak

ցրտանալ, ցուրտ ըլլալ (օդի)

ցցել

dikmek

ցից կեցնել, տնկել

ցցել

saplamak

մխել, խոթել

ցցուիլ

dikilmek

ցից կենալ, կանգնիլ, տնկուիլ

ցօղ

çiy

ջուրի կաթիլներու ձեւով պաղած ջրաշոգի՝ որ առտուները նստած կ՚ըլլայ բոյսերու վրայ, շաղ

ցօղել

çiy düşmek

ցօղ իջնել

ցօղել

çiylemek

անձրեւի պէս տեղալ

ցօղուել

çalkalamak, durulamak

աջ ու ձախ շարժելով լուալ՝ կամ պարզ ջուրով ողողել

ցօղուն

sap

բոյսի մը՝ հողէն դուրս ցցուած մասը՝ որուն վրայ կը բուսնին տերեւներն ու ծաղիկները, կոթուն