Skip to main content

Sözlük // Բառարան

գովել

methetmek, övmek

մէկու մը արժանիքները ըսել, ներբողել, դրուատել

գովեստ

methiye, övgü

գովասանք, մէկու մը ցոյց տրուած արժանիքները, ներբող

գորգ

halı

բուրդէ կամ հաստ դերձանէ բանուած գետնի ծածկոյթ, օթոց

գործ

iş, eser, yapıt

աշխատութիւն, զբաղում

գործադուլ

grev

գործը ձգել (բանուորի), բանթող

գործադրել

tatbik etmek, uygulamak

իրագործել, կիրարկել

գործազրկութիւն

işsizlik

գործ չունենալը, անգործութիւն

գործազրկութիւն

lokavt

գործազրկում, գործարանատիրոջ կողմէ բանուորներուն աշխատութեան վերջ տալ

գործածութիւն

kullanma, kullanım

գործածելու կերպ

գործակալ

acente

գործակատար, գործի մը մէջ որոշ պաշտօն մը ստանձնող

գործակցութիւն

işbirliği

գործակից ըլլալ, միասին աշխատիլ

գործանոց

atölye

աշխատանոց

գործավար

organ

գործարան մարմնին այն մասը՝ որ որոշ պաշտօն մը կը կատարէ

գործավար

kâtip, (büro) yönetici(si)

գրասենեակի գործերը վարող պաշտօնեայ

գործարանատէր

fabrikatör

ճարտարարուեստական մեծ աշխատանոց ունեցող

գործաւոր

işçi

աշխատաւոր, բանուոր

գործել

çalışmak, işlemek, (iş) yapmak

աշխատիլ, բանիլ, ընել

գործիական

vasıta hali

գոյականի հոլովակերտ “ով” մասնիկը՝ որ “միասին” կամ “միջոցաւ”ի նշանակութիւն կու տայ

գործիք

alet

որեւէ գործի ծառայող միջոց, կազմած

գործնական

pratik

գործ մը մէջտեղ հանող, ազդեցիկ

գործունեայ

faal, çalışkan, aktif

գործօն, գործ կատարող, աշխատող, ժիր

գործունէութիւն

faaliyet

աշխատութիւն, ներգործութիւն

գորշ

kır, gri

ճերմակ ու սեւ գոյներուն խառնուրդը, մոխրագոյն

գորտ

kurbağa

երկակենցաղ անասուն մը

գոց

kapalı

այն՝ որ բաց չէ, փակ, փակուած

գոց

ezber

գրուածքը (կամ դասը) յիշողութեամբ արտասանելու կարողութիւն

գոցել

kapa(t)mak

գոց վիճակի բերել, փակել

գութ

acıma (duygusu)

կարեկցութիւն, խիղճ

գուժ

kara haber

գոյժ, գէշ լուր, բօթ

գուլպայ

çorap

ոտքը ծածկելու պարկաձեւ կտաւ

գուղձ

kesek

հողի խոշոր կտոր, հողակոշտ

գումար

yekün

յաւելումով գոյացած ամբողջութիւն

գումարտակ

tabur

զօրախումբ, վաշտ

գունատ

solgun

տժգոյն, տմոյն, գունաթափ

գունաւոր

renkli

գոյն ունեցող

գունդ

alay

մեծ զօրախումբ՝ որ կը բաղկանայ չորս գումարտակէ, զօրագունդ

գունտ

küre

շրջանակի մը իր առանցքին վրայ դառնալով գոյացուցած ձեւը, գունդ

գուշակ

bakıcı, falcı, gaipten haber veren

այն՝ որ ետքը պատահելիքը նախապէս կը գիտցնէ, կախարդ

գուշակել

sezmek, tahmin etmek, (önceden/geleceği) bilmek, gaipten haber vermek

ետքը պատահելիքը նախապէս ըսել

գուպար

kavga

կռիւ, պայքար

գուռ

kurna, yalak

քարէ կամ փայտէ փոքր աւազան

գուսան

ozan

տաղասաց երգիչ

գուրգուրալի

şefkat dolu, müşfik, sevecen

շատ սիրելի, գուրգուրանքով ու գորովով լեցուն

գուրգուրանք

şefkat, sevgi, üzerine titreme

սաստիկ գորով, աղապատանք

գուցէ

ola ki

չըլլայ թէ (գէշ բանի համար)

գտնել

bulmak

կորսուած կամ փնտռուած բան մը ձեռք ձգել

գտնուիլ

bulunmak

մէջտեղ ելլել

գրագէտ

okuryazar

կարդալ-գրել գիտցող

գրագէտ

yazar

գրականութիւն մշակող, գրող

գրագիր

kâtip

գրասենեակի պաշտօնեայ՝ որուն գործն է արձանագրել կամ ընդօրինակել, քարտուղար