Sözlük // Բառարան
թատրոն
tiyatroթատր, այն շէնքը՝ ուր կը ներկայացուին թատերական գործերը
թարախ
irinվէրքին մէջ գոյացած աղտոտութիւն
թարգման
tercümanբացատրող, արտայայտող
թարգմանել
tercüme etmek, çevirmekլեզու մը ուրիշ լեզուի մը վերածել (գրաւոր կամ բերանացի)
թարգմանիչ
mütercim, çevirmenգրուածք մը ուրիշ լեզուի վերածող
թարթել
göz kırpmakաչքի կոպերը գոցել ու բանալ (շատ արագ)
թարթիչ
kirpikթերթերունք, կոպերուն ծայրը բուսած կարճ մազերը, արտեւանունք
թարմ
tazeայն՝ որ մնացած չէ կամ նոր մէջտեղ ելած է
թարմութիւն
tazelikթարմ ըլլալու վիճակ
թաց
ıslakշատ խոնաւ, թրջած, տամուկ
թաւ
kalınհաստ (ձայն)
թաւ
sık, gürխիտ առ խիտ բուսած, հոծ
թաւալիլ
dönmek, yuvarlanmakինքնիր վրայ գլորիլ, գլտորիլ
թաւարծի
tüylüթաւ մազերով, բրդոտ
թաւիշ
kadifeկերպասի տեսակ մը՝ որուն մէկ երեսը ծածկուած է շատ խիտ խաւով մը
թաւուտ
(sık) çalılık, ağaçlıkթաւուտք, խիտ առ խիտ բուսած (մացառ, թուփ եւն.)
թափ
kuvvet, güçշարժելու կարողութիւն, ոյժ
թափանցել
geçmekմէջէն անցնիլ (ջուրը կամ լոյսը)
թափանցել
nüfuz etmekմէջը անցնիլ
թափանցիկ
şeffafիր մէջէն ջուր կամ լոյս անցընող
թափառական
avareթափառաշրջիկ
թափառական
göçebeորոշ բնակութիւն մը չունեցող, վաչկատուն
թափառայած
serseri, başıboşթափառաշրջիկ, անգործ եւ աննպատակ թափառող
թափառիլ
dolanmakաննպատակ շրջիլ կամ պտտիլ
թափել
dökmekամանի մը մէջէն պարպել (ուզելով եւ կամ ակամայ)
թափթփած
pasaklıոչ-կոկիկ, շլխտի, անկանոն
թափթփիլ
dökülmekկամաց-կամաց բայց շարունակ թափիլ
թափիլ
dökülmekամանէն դուրս ելլել, ծորիլ
թափուր
boşպարապ, ամայի, անտէր
թափօր
tören alayı, kortejեկեղեցական եւ կամ ուրիշ հանդիսութեան մը մասնակից մարդոց խումբ
թաքուն
gizliպահուած, գաղտնի, ծածուկ
թաքչիլ
gizlenmekպահուըտիլ, ծածկուիլ
թեթեւ
hafifոչ-ծանր, մեղմ, դիւրատար
թեթեւսոլիկ
hoppaթեթեւամիտ, թեթեւաբարոյ
թելադրել
önermek, tavsiye/telkin/dikte etmek, dayatmakխորհուրդ տալ, դրդել, մղել, կամքը պարտադրել
թելադրութիւն
telkinխորհուրդ տալ կամ յիշեցնել, դրդում
թեկնածու
namzet, adayայն անձը՝ որ կ՚ուզէ ընտրուիլ
թերակղզի
yarımadaայն հողամասը՝ որ միայն մէկ կողմով միացած է ցամաքի, կիսակղզի
թերեւս
belkiհաւանաբար, փափաքելի է որ (աղէկ բանի համար)
թերթ
gazeteլրագիր
թերթ
yaprakգրքի կամ տետրակի իւրաքանչիւր թուղթ
թերթուշ
baklavaանուշեղէն մը
թերթօն
tefrikaթերթի մը մէջ մաս առ մաս հրատարակուած վէպ կամ որեւէ գրուածք
թերի
eksik, natamam, yarım (kalmış)պակաս կամ կիսատ մնացած (բարդութեան մէջ «թեր» կը նշանակէ «պակաս».
թերուդէմ
lehte ve aleyhteմէկու մը կամ բանի մը ի նպաստ եւ հակառակ
թերութիւն
kusurպակասաւոր կողմ, պակասութիւն
թեւ
kolուսէն մինչեւ դաստակ, բազուկ
թեւ
kanatկարգ մը կենդանիներու թռչելու եւ կամ լողալու անդամները
թեւածել
kanat çırpmakթեւերը շարժել (թռչելու համար), թռչիլ, թեւահարել
թեւակ
kanatçıkթեւիկ, փոքր թեւ