Skip to main content

Sözlük // Բառարան

հեծնել

binmek

բարձրացած վիճակով նստիլ (ձիու կամ իշու վրայ)

հեկեկալ

hıçkır(arak ağla)mak

ընդհատ-ընդհատ շունչ առնելով լալ, հեծկլտալ

հեղ

kez, kere

անգամ

հեղգութիւն

tembellik, üşengeçlik

ծուլութիւն, մեղկութիւն

հեղեղ

sel

ջուրի տարափ, ողողում

հեղինակ

yaratıcı

բան մը ստեղծող

հեղինակ

yazar

գիրք գրող

հեղինակաւոր

otorite sahibi

արժէքաւոր եւ ազդեցիկ

հեղինակել

telif etmek, eser vermek

գործ մը ստեղծել կամ մէջտեղ հանել, յօրինել (գիրք, երգ եւն.)

հեղինակութիւն

yapıt

հեղինակի մը գործը, երկ

հեղինակութիւն

otorite

ազդեցութիւն, ոյժ

հեղձուցիչ

boğucu, bunaltıcı

շնչառութիւնը դժուարացնող, ճնշիչ (օդ)

հեղուկ

sıvı

ոչ-հաստատուն մարմին, լոյծ (ինչպէս՝ ջուր, կաթ եւն.)

հեշտ

zevkli

հաճելի, ախորժելի

հեշտ

kolay

դիւրին

հեշտութիւն

haz, şehvet

հեշտանք, մարմնական հաճոյք, ցանկութիւն

հեռագիր

telgraf

երկու կայաններու միջեւ գրաւոր հաղորդակցութիւն (ելեքտրական հոսանքի միջոցաւ)

հեռադիտակ

dürbün

հեռուն ցուցնող գործիք

հեռակայ

uzak(taki)

հեռուն գտնուող

հեռաձայն

telefon

երկու տեղի միջեւ խօսակցութիւնը փոխադրող գործիք, հեռախօս

հեռանալ

uzaklaşmak

գտնուած տեղէն բաժնուիլ, երթալ

հեռանկար

perspektif

հեռապատկեր, առարկայի մը գծագրուած նկարը՝ աչքին պատկերացած ձեւով

հեռատես

uzağı gören

հեռաւոր առարկաները տեսնող

հեռատես

uzak görüşlü

ապագան նկատի առնող, խոհեմ

հեռացնել

uzaklaştırmak

հեռուն տանիլ

հեռաւոր

uzak, ücra

հեռուն գտնուող

հեռաւորութիւն

uzaklık, mesafe

երկարութիւն (երկու կէտի միջեւ)

հեռու

uzak

մօտին հակառակը, հեռաւոր

հետ

birlikte

միասին

հետ

iz

հետք, նշան

հետազօտել

araştırmak

քննել կամ փնտռել (բանի մը խորը թափանցելու համար), պրպտել

հետապնդել

kov(ala)mak, sürmek, baskı uygulamak, rahatsız etmek

(մէկուն ետեւէն)

հետապնդել

izlemek

մէկուն ետեւէն երթալ (հասկնալու համար թէ ի՞նչ կ՚ընէ)

հետաքրքիր

meraklı, ilgili

տեսնելու կամ հասկնալու փափաք ունեցող, հետամուտ

հետաքրքրական

ilginç

ինչ որ կ՚արժէ տեսնել կամ իմանալ, շահեկան, ուշագրաւ

հետաքրքրել

ilgilendirmek

հետաքրքրութիւն պատճառել

հետաքրքրութիւն

ilgi

հետաքրքիր վիճակ

հետեւաբար ուրեմն

öyle ki, dolayısıyla

ուստի, այնպէս որ

հետեւակ

piyade

քալելով գացող (զինուոր)

հետեւանք

sonuç

հետեւութիւն, արդիւնք, վերջ

հետեւապէս

dolayısıyla

հետեւաբար, ուրեմն

հետեւիլ

izlemek

ետեւէն երթալ,

հետեւողականութիւն

tutarlılık

իրարու հետ կապ ունեցող մասերու մէջ համաձայնութիւն, կապակցութիւն

հետեւորդ

maiyet, ardıl

հետեւող, ետեւէն գացող

հետեւութիւն

sonuç

եզրակացութիւն, արդիւնք

հետեւցնել

sonuca varmak, sonuç çıkarmak

եզրակացնել, արդիւնք հանել

հետզհետէ

gitgide

իրարու ետեւէ, յաջորդաբար,

հետիոտն

yaya(n)

քալելով գացող (որեւէ մարդ),

հետք

iz

նշան, նշոյլ

հեր

saç

մազ, ծամ, վարս