Skip to main content

Sözlük // Բառարան

մակարդակ

düzey

չափ, աստիճան

մակարդակ

yüzey

անշարժ ջուրին հարթ մակերեսը

մակբայ

zarf

անփոփոխ բառ՝ որ կ՚որակէ կամ կ՚որոշէ բայ մը՝ ածական մը՝ կամ ուրիշ մակբայ մը

մակդիր

unvan, lakap

տիտղոս

մակդիր

sıfat

գոյականի մը ածականը, վերադիր

մակերես

yüzey

մարմնի մը երկայնութեան ու լայնքի տարածութիւնը (առանց խորութեան)

մակերեսային

yüzeysel

մակերեւութական, հարեւանցի

մակընթացութիւն

met

ծովու ջուրերուն բարձրացումը՝ որուն կը յաջորդէ տեղատուութիւնը

մակոյկ

sandal

նեղ ու երկայն նաւակ

մահ

ölüm

կեանքի վախճան

մահաբեր

öldürücü, ölüm kusan

մահառիթ, մահ պատճառող

մահազդ

ölüm ilanı

մահագոյժ, բօթ (թերթի մէջ)

մահակ

sopa

բիր, լախտ

մահապարտ

idam mahkûmu

մահուան դատապարտուած

մահացու

öldürücü

մեռցնող

մահացու

ölümcül

խիստ ծանր (յանցանք)

մահափորձ

suikast

մէկը սպաննելու ձեռնարկ

մահիկ

hilal

նորածագ լուսին, կիսալուսին

մահկանացու

fani, ölümlü

մահուան ենթակայ, այն՝ որ օր մը պիտի մեռնի

մահճակալ

karyola

երկաթէ կամ փայտէ կազմած՝ որուն վրայ կը դրուի անկողինը

մահտեսի

hacı

Երուսաղէմ ուխտի գացած

մաղ

elek

մետաղեայ բարակ թելերով հիւսուած ցանց (փոքր ծակերով)

մաղթանք

temenni, dilek

բարեմաղթութիւն, աղօթք

մաղթել

dilemek

ցանկալ

մաղձ

safra

լեարդին հիւթը, լեղի

մաղուիլ

çiselemek

բարակ-բարակ թափիլ

մաճ

tutak

արօրին բռնելիք մասը կամ կոթը

մաճկալ

çift süren

մաճ բռնող, հերկող, վարող

մամ

nine

մեծ մայր, հանի

մամլակ

mengene

փոքր մամուլ՝ որուն երկու ծնօտներուն մէջ կը սեղմուի առարկան (դարբինի, ոսկերիչի)

մամուլ

basın

լրագրութիւն-

մամուլ

pres

ճնշելու գործիք

մամուռ

yosun

տեսակ մը կարճ խոտ՝ որ խոնաւութենէ կը գոյանայ (քարերու վրայ)

մայել

melemek

մայիւն՝ կամ ոչխարի ձայն հանել

մայթ

kaldırım

փողոցին երկու կողմի բարձր սալայատակը (հետիոտն անցորդներու)

Մայիս

May›s

տարուան Ե ամիսը

մայր

rahibe

մայրապետ

մայր

ana (kalıp)

մետաղեայ կաղապար (որուն մէջ կը թափեն հալած մետաղը եւ կը ձուլեն տառեր)

մայր

anne

մայրիկ

մայրամուտ

günbatımı

արեւմուտք, վերջալոյս

մայրանոց

doğumevi

ծննդաբերութեան տուն

մայրաքաղաք

başkent

երկրի մը գլխաւոր քաղաքը (իբրեւ պետութեան կառավարական կեդրոն)

մայրի

orman

անտառ

մայրի

sedir (ağacı), dağ servisi

եղեւինի նմանող ծառ մը

ման գալ

dolaşmak

պտտիլ, շրջագայիլ, ճեմել

մանած

iplik, dokuma ipliği

կտաւագործութեան թել

մանանայ

kudret helvası

գինձի նմանող՝ բայց սպիտակ՝ անոյշ նիւթ մը

մանանեխ

hardal

կծու հատիկներով բոյս մը (կը գործածուի իբր համեմ),

մանաւանդ

hele, özellikle

գլխաւորաբար, առաւելապէս

մանգաղ

orak

հնձելու գործիք, փոքր գերանդի