Skip to main content

Sözlük // Բառարան

նենգաւոր

sinsi, hilekâr, hin, kurnaz, alçak

նենգամիտ, խարդախ, խաբեբայ, անպարկեշտ

նետ

ok

սլաքաւոր փայտէ ձող՝ զոր կ՚արձակեն աղեղով

նետաձիգ

okçu

նետ արձակող, աղեղնաւոր

նետել

atmak

արձակել կամ ձգել (որեւէ առարկայ)

նետուիլ

atılmak

արձակուիլ (մէկուն կողմէ)

ներ

elti

երկու եղբօր կիները՝ իրարու նկատմամբ

ներածել

ithal etmek

օտար երկրէ ապրանք գնել

ներածութիւն

giriş

գրքի մը բովանդակութեան մասին նախապատրաստական ծանօթութիւն

ներածութիւն

ithalat

ներածում (ապրանքի),

ներաշխարհ

iç âlem/dünya

հոգեկան ներքին աշխարհ

ներարկել

zerk etmek, içitmek

մարմնի մը մէջ որեւէ հեղուկ մտցնել

ներբան

taban

գարշապար (ոտքի)

ներբող

methiye

գովասանք

ներբողել

methetmek

գովել, փառաբանել, դրուատել,

ներգործական

etken

այն բայը՝ որուն ենթական գործողութիւնը ուրիշի մը վրայ կը կատարէ

ներգործել

tesir/etki etmek, işlemek

բանի մը մէջը գործել, ազդել

ներդաշնակ

ahenkli , uyumlu

իրարու յարմարած

ներդաշնակութիւն

ahenk, uyum

ամբողջի մը մասերուն մէջ համաձայնութիւն կամ յարմարութիւն

ներել

affetmek

թոյլատրել, արտօնել

ներկ

boya

գոյն տուող՝ կամ գունաւորող նիւթ

ներկայ

mevcut

ոչ-բացակայ, գտնուող

ներկայ

şimdiki, zamane

հիմակուան

ներկայ

şimdiki/geniş zaman

բայերու այն ժամանակը՝ որ ցոյց կու տայ թէ գործողութիւնը հիմայ կը կատարուի

ներկայանալ

(huzur(un)a/önüne) çıkmak, görünmek, doğmak

առջեւը ելլել, երեւիլ

ներկայացնել

sunmak, takdim etmek, tanıştırmak, göstermek

առջեւը հանել

ներկայացնել

temsil/tasvir etmek

երեւցնել

ներկայացում

gösteri

թատերական խաղ (բեմի վրայ)

ներկայացուցիչ

temsilci

փոխանորդելու պաշտօն ունեցող, պատգամաւոր

ներկարարութիւն

boyacılık

ներկելու արհեստ

ներկել

boyamak

ներկ քսելով գունաւորել

ներշնչել

solumak, içine çekmek

ներս շնչել

ներշնչել

esinlemek, telkin etmek, aşılamak, vermek

խօսքով՝ կամ օրինակով ազդել մէկուն վրայ, թելադրել

ներշնչում

soluma, içine çekme

օդը ներս քաշել

ներշնչում

ilham, esin(lenme)

հոգեկան տրամադրութիւն՝ ստեղծագործելու, մուսայ

ներողամտութիւն

hogörü(lü olma), anlayış(lılık)

ներող բնաւորութիւն ունենալ, անյիշաչարութիւն

ներողութիւն

özür, af(federsiniz)

ներում,

ներուժ

potansiyel

ներքին ոյժ

ներում

af

չպատժել՝ կամ պատիժին վերջ տալ

ներս

içeri

դուրսին հակառակը, մէջի կողմը

ներքին

iç, dahili

ներսը կամ մէջը գտնուող, ներսի

ներքինի

hadım

ամորձատ, որձատ, կուրտ

նեցուկ

daya(na)k, payand

մոյթ, յենարան

նզովել

aforoz etmek

բանադրել

նժար

kefe

կշիռքի աչք՝ կամ թաթ

նիգ

sürgü

փոքր մղլակ, սողնակ

նիզակ

mızrak

երկայն նետ՝ զոր ձեռքով կ՚արձակէին (թշնամիին վրայ), գեղարդ, տէգ

նիհար

zayıf

գէրին հակառակը, վտիտ, ազազուն

նիշ

pu(v)an

խաղի մէջ շահուած կէտ

նիշ

not

դասի թիւ (աշակերտի)

նիստ

oturum, toplantı

ժողով