Skip to main content

Sözlük // Բառարան

շահպրակ

şebboy

անուշահոտ ծաղիկ մը

շաղ

çiy

անձրեւի բարակ կաթիլ, ցօղ

շաղախ

harç

ցեխի նման խառնուրդ մը (կիրի, աւազի, ջուրի) որ կը գործածուի պատերը ծեփելու

շաղախուիլ

karılmak, yoğrulmak

շաղախ ըլլալ, խառնուիլ

շաղակրատել

gevezelik/boşboğazlık etmek

շաղփաղփել, շատախօսութիւն ընել

շաղապատել

sarılmak

փաթթուիլ, պլլուիլ

շաղկապ

bağlaç

այն անփոփոխ բառը՝ որ խօսքի մը մասերը իրար կը կապէ

շաղուել

yoğurmak

նիւթ մը ուրիշ նիւթերով՝ կամ ջուրով խառնել ու ճմլել

շամանդաղ

sis

մշուշ, մառախուղ, մէգ

շամփուր

şiş

երկաթէ բարակ ձող (միս խորովելու համար)

շանաձուկ

köpekbalığı

ծովային գազան մը

շանթ

yıldırım

կայծակի հարուած

շանթարգել

paratoner

երկաթէ կամ պղինձէ ձող՝ որ շէնքերը կը պահպանէ շանթի հարուածէն

շապիկ

gömlek

մերկ մարմնի վրայէն հագնելիք

շապկընկեր

don

շապիկի հետ հագնելիք, վարտիք

շառագունիլ

kızarmak

կարմրիլ (երեսը), շիկնիլ

շառայլ

şavk

շառափ, լոյսի շող, ճառագայթ

շառաչ

şırıltı

շառաչիւն, ուժգին զարնուող ջուրին հանած ձայնը

շառաւիղ

soy

սերունդ, զարմ

շառաւիղ

dal

ընձիւղ, ճիւղ (ծառի)

շառաւիղ

yarıçap

ուղիղ գիծ՝ որ շրջանակի կեդրոնը շրջագիծին կը միացնէ,

շատ

çok

բազում, առատ,

շատախօս

geveze

երկար խօսող, շաղակրատ,

շատակեր

obur

շատ ուտող, որկրամոլ, անյագ,

շատնալ

çoğalmak

քանակը աւելնալ, բազմանալ,

շատոնց

çoktan

բաւական ատենէ ի վեր, վաղուց,

շարադրութիւն

tahrir, kompozisyon

կանոնաւոր խօսքեր կազմելով պատրաստուած գրութիւն (աշակերտի)

շարայարել

sıralamak, bitiştirmek,

շարել, կցել, միացնել, յօդել

շարան

dizi

կարգով իրարու քով շարուած, շարք

շարել

dizmek

մէկ շարքի վրայ դնել

շարժանկար

sinema

շարժապատկեր

շարժառիթ

sebep, saik

դրդապատճառ, պատճառ

շարժել

sallamak

երերցնել

շարժել

harekete geçirmek

մղել

շարժել

kımıldatmak, oynatmak

տեղափոխել

շարժիչ

motor

շարժում յառաջ բերող (մեքենայ)

շարժում

hareket

ներքին եւ արտաքին ազդակներով՝ վիճակի փոփոխութիւն (դիրքի, ձեւի, կազմութեան եւն.) որուն ենթակայ են՝ շնչաւոր եւ անշունչ՝ անխտիր բոլոր գոյութիւնները

շարժուն

hareketli

շարժական, այն՝ որ կրնայ շարժիլ

շարժտկիլ

kımılda(n)mak

շարունակ շարժիլ

շարունակ

devamlı

միշտ, անընդհատ, անդադար

շարունակել

devam et(tir)mek

յարատեւել, չընդհատել

շարունակութիւն

devam

այն մասը՝ որ կը յաջորդէ

շարունակուիլ

devam etmek, sürmek

տեւել, չընդհատուիլ

շարք

sıra

շարուածք, կարգ, շարան

շափիւղայ

gökyakut

թանկագին քար մը (կապոյտ գոյնով)

շափրակ

taç (yapraklar)

ծաղիկներու պսակի թերթերը

շաքար

şeker

անոյշ նիւթ մը՝ զոր կը հանեն ճակնդեղէ կամ շաքարեղեգէ

շաքարախտ

şeker (hastalığı), diyabet

ծանր հիւանդութիւն մը, շաքարամիզութիւն

շաքարեղեգ

şekerkamışı

շաքարեղէգ, եղեգի տեսակ մը՝ որ առատ շաքար կը պարունակէ

շեղ

eğri, eğik

ծուռ, խոտոր, անուղիղ