Skip to main content

Sözlük // Բառարան

աւելորդաբան

artık, fazla, lüzumsuz

աւելորդ խօսքեր ընող

աւետաբեր

müjdeci, muştucu

աւետիք բերող, ուրախալի լուր բերող

Աւետարան

İncil

այն գիրքը՝ ուր գրուած է Քրիստոսի վարդապետութիւնը կամ կեանքը, Սուրբ Գիրք

Աւետարանական

Protestan

Քրիստոնէական այն դաւանանքը՝ որ չ՚ընդունիր եկեղեցական աւանդութիւնը եւ կը հետեւի միայն Աւետարանին, Բողոքական

աւերակ

virane, harabe, yıkıntı

քանդուած տեղ կամ շէնք, փլատակ

աւիշ

lenf, akkan, özsu, usare

կենդանական մարմիններու մէջ գտնուած ջուրի նման հեղուկ մը

աւիւն

coşku, heyecan

հոգեկան կամ մտքի յափշտակութիւն, խանդ, եռանդ

աւրել

bozmak

աւերել, խանգարել, քանդել, խախտել, ջնջել

ափ

avuç

ձեռքի ներսի կողմը, բուռ

ափ

kıyı

ափն, եզերք, ցամաքին ու ծովուն միացած տեղը

ափեղցփեղ

abuk sabuk

խենդ ու խելառ

ափունք

kıyı, deniz kıyısı, sahil

եզերք, ծովեզերք

ափսէ

tepsi

մետաղէ կամ ուրիշ նիւթէ շինուած տափակ եւ եզերքը գոց աման

ափսո՜ս

vah, vah vah, ne yazık ki, yazıklar olsun

մե՜ղք, աւա՜ղ (վիշտ կամ ցաւ յայտնելու ատեն կ՚ըսուի)

աքաղաղ

horoz

աքլոր, հաւու արուն

աքասիա

akasya

օտար բառ մը՝ որ անունն է ողկուզաւոր ծաղիկներով ծառի մը

աքացի

tekme, çifte

ոտքով տրուած հարուած

աքսոր

sürgün

իբրեւ պատիժ ուրիշ տեղ բնակելու դատապարտուած

աքցան

Kerpeten

երկաթէ գործիք մը՝ որ կը ծառայէ բռնելու կամ քաշելու

բաբախում

çarpıntı

սրտին սաստիկ եւ արագ աշխատելու վիճակը՝ իբրեւ հիւանդագին երեւոյթ

բագին

sunak

հեթանոսական զոհի սեղան, զոհարան

բադ

ördek

գոյնզգոյն փետուրներով ջրային թռչուն մը

բազէ

şahin

կոր եւ սուր կտուցով՝ երկայն եւ ուժեղ ճիրաններով գիշակեր թռչուն մը

բազկաթոռ

koltuk

երկար յենարանով թիկնաթոռ

բազկատարած

nabız

ձեռքերը տարածած, թեւերը աջ ու ձախ լայն բացած, թեւատարած բազկերակ բազուկի երակը՝ որմէ կը համրուի սրտին զարկը

բազմազան

çeşitli, çok çeşitli

բազմադիմի, զանազան տեսակ, շատ կերպ

բազմազգի

çokuluslu

շատ ազգերու վերաբերեալ

բազմազգի

çeşitli

տեսակ-տեսակ, ազգի-ազգի

բազմաթիւ

çok sayıda, kalabalık, çeşitli

թուով շատ, մեծ քանակութեամբ, ստուարաթիւ

բազմախուռն

yığınla

շատ խռնուած, կուտակուած

բազմակողմանի

çok yönlü

շատ կողմերով, բազմատեսակ, ընդարձակ

բազմակրօն

çok dinli

տեսակ-տեսակ կամ տարբեր-տարբեր կրօնքներ ունեցող (ժողովուրդ)

բազմահազար

on binlerce, binlerce

շատ հազարներէ բաղկացած, խիստ շատ, անթիւ, անհամար

բազմանկիւն

çokgen

չորսէ աւելի անկիւն ունեցող

բազմապատիկ

kat

թիւ մը՝ որ ուրիշ թիւի մը քանի մը անգամն է

բազմապատկել

çarpmak

երկու թիւերէն մէկը միւսին չափ կրկնել

բազմապատկել

katlamak, çoğaltmak

շատցնել

բազմապիսի

çeşitli

բազմատեսակ, բազմազան, տեսակ-տեսակ, այլազան

բազմիլ

kurulmak

մարմինը լաւ տեղաւորելով նստիլ

բազմիցս

(bir).ok kez, defalarca

շատ անգամ, յաճախ

բազմոց

minder

կակուղ նստարան՝ երբեմն բազկատեղերով՝ որուն վրայ քանի մը հոգի կրնան նստիլ

բազմութիւն

kalabalık

մարդոց մեծ խումբ, ամբոխ

բազուկ

bilek

թեւ, ուսէն մինչեւ դաստակ կամ արմուկէն մինչեւ դաստակ

բազրիք

korkuluk, tırabzan

սանդուխի երկու կողմի ձեռնանեցուկները կամ յենարանները

բաժակ

çanak (yaprağı)

ծաղիկին թերթերը դուրսէն շրջապատող կանանչ մասը, բաժակատերեւ

բաժակ

kupa

ապակիէ կամ զանազան մետաղներէ շինուած գաւաթ՝ ջուր կամ գինի խմելու համար, ըմպանակ

բաժանական

(tam) bölünebilir, bölüne(bile)n

բաժանելի, ինչ որ կարելի է մասերու բաժնել

բաժանորդ

abone

այն անձը՝ որ կ՚օգտուի քաղաքապետութեան մատակարարած պիտոյքներէն (ջուր, ելեքտրականութիւն եւն.)

բաժանում

bölme, bölüm

մասերու բաժնել

բաժանում

bölünme, ayrılık

միատեղ ըլլալէ դադրիլ կամ իրարմէ հեռանալ