Skip to main content

Sözlük // Բառարան

արեւածաղիկ

ayçiçeği

ուղղաձիգ ցօղունով բարձր բոյս մը՝ որուն ծաղիկներու կուտերէն իւղ կը հանեն

արեւակ

opal

փոփոխական գոյներով թանկագին քար մը

արեւելք

doğu

արեւուն ծագած կողմը

արեւելքցի

doğulu

արեւելքի բնակիչ

արեւմուտք

batı

արեւուն մայր մտած կողմը

արեւշատութիւն

uzun ömür

երկար կեանք

արթիստ

sanatçı

օտար բառ մը՝ որ կը նշանակէ “գեղարուեստով զբաղող մարդ, արուեստագէտ”

արթննալ

uyanmak

քունէն ելլել, զարթնուլ

արժանահաւատ

inanılır

ինչ որ արժանի է հաւատալու, վստահելի, ստոյգ

արժանանալ

layık/mazhar olmak

բանի մը արժանի դառնալ կամ բանի մը հասնելու բախտ ունենալ

արժանի

layık

արժանաւոր, այն՝ որ իրաւունք ունի գնահատանքի

արժանիք

değer

արժէք, յարգ, արժանաւորութիւն

արժէթուղթ

tahvil

ստացուածքի փաստաթուղթ, բաժնեթուղթ

արի

cesur

քաջ, կտրիճ

արի

Ari

Հնդկաստանի՝ Իրանի եւ Կովկասի հնդեւրոպական ցեղին անունը

արիաբար

cesaretle

քաջաբար, առանց վախնալու

արիւնիլ

kanamak

արիւն հոսիլ

արիւնոտիլ

kana bulanmak, kanlanmak

արիւնի քսուելով աղտոտիլ, արիւնի քսուիլ

արծարծել

uyandırmak, körüklemek

մարած կրակ մը վառել, հրահրել, բոցավառել

արծիւ

kartal

մեծ եւ ուժեղ թռչուն մը՝ որ թռչուններուն թագաւորը կը նկատուի

արկած

kaza

անակնկալ դէպք կամ փորձանք

արկածախնդիր

maceracı

արկածներ փնտռող կամ սիրող, բախտախնդիր

արկածեալ

kazazede

արկածի կամ անակնկալ դժբախտութեան ենթարկուած

արհամարհել

küçümsemek

բանի տեղ չդնել, քամահրել

արհաւիրք

dehşet

սաստիկ վախ, սոսկում, սարսափ

արհեստ

zanaat

ձեռքով եւ մանր գործիքներով կատարուած աշխատանք՝ բան մը շինելու համար

արհեստանոց

atölye

այն շէնքը՝ ուր արհեստաւորը կ՚աշխատի, գործանոց

արհեստաւոր

zanaatkâr

այն՝ որ արհեստով մը կ՚զբաղի, արհեստ ունեցող

արձագանգ

yankı

ձայնի որոշ կրկնութիւն՝ որ առաջ կու գայ երբ ձայնի ալիքները արգելքի հանդիպելով ետ կը դառնան ու կը լսուին

արձակ

nesir, düzyazı

տաղաչափութեամբ կամ ոտանաւորի պէս չգրուած

արձակ

serbest

ազատ, ընդարձակ

արձակել

salıvermek

ազատ թողուլ, ազատ ձգել, չբռնել

արձան

heykel

մետաղէ կամ քարէ քանդակուած կամ շինուած պատկեր, անդրի

արձանագործ

heykeltıraş

արձան շինող, քանդակագործ

արձանագրութիւն

kayıt

պաշտօնական ընդօրինակութիւն

արձանանալ

put kesilmek

արձանի պէս անշարժ մնալ

արձոյլ

արձող, արձուղ, ձկնորսական ուռկան կամ ցանց

արմատ

kök

բոյսին հողին մէջ նստած մասը՝ ուրկէ սնունդ կ՚առնէ

արմաւենի

hurma ağacı

արմաւի ծառ

արմուկ

dirsek

թեւին դուրս ցցուած մասը երբ ծալլուի

արմտիք

hububat, tahıl

մանր հատիկներով բերք (ինչպէս՝ ցորեն, գարի, բրինձ, ոսպ եւն.), ընդեղէն

արշալոյս

şafak, tan

այն պահը երբ առտուան լոյսը նոր կ՚սկսի բացուիլ

արշաւ

yarış

արշաւանք, արագ վազելու գործողութիւն

արշաւասոյր

hücum etmek, sefer/akın düzenlemek

պատերազմով յարձակիլ երկրի մը վրայ

արուարձան

varoş

քաղաքին մերձակայ կամ մօտիկ թաղերը

արուեստ

sanat

ինչ որ մարդու ձեռքով եւ ճարտարութեամբ է ստեղծուած

արուեստագէտ

sanatçı

այն՝ որ ինքզինքը նուիրած է գեղարուեստի (երաժշտութեան, նկարչութեան, քանդակագործութեան, թատրոնի եւն.)

արուեստական

yapmacık

արուեստակեալ, ոչ-բնական, շինծու, անբնական

արուեստական

suni, yapay

արուեստի վերաբերեալ, մարդու ձեռքի ճարտարութեամբ շինուած

արջ

ayı

գիշակեր գազան մը՝ որ կ՚ուտէ նաեւ պտուղներ եւ կը բնակի ցուրտ երկիրներ ու լեռները