Sözlük // Բառարան
ապօրինի
yasadışı, yasal olmayanինչ որ օրէնքին համաձայն չէ, օրէնքին հակառակ, անարդար
աջակից
yardımcıմիասին աշխատող, օգնական, օժանդակող
աջակողմեան
sağcıկառավարութիւններու մէջ նորութիւններու կամ յառաջդիմութիւններու հակառակ արտայայտուող կուսակցութիւն, պահպանողական
աջակցիլ
yardım etmekաշխատութեան մը մէջ մէկուն օգնել, օժանդակել
աջակցութիւն
yardım, destekօգնութիւն, նպաստ, օժանդակութիւն
առագաստ
gelin odasıհարսին ու փեսային ննջասենեակը, հարսնարան
առագաստ
yelkenնաւերուն կայմին վրայ ամրացուած կտաւ՝ որ հովուն ազդեցութեամբ կը տանի նաւակը
առագաստանաւ
yelkenliնաւ՝ որ առագաստին շնորհիւ հովու ոյժով կ՚ընթանայ
առած
atasözüկարճ եւ իմաստալից խօսք՝ որ բերնէ բերան կ՚աւանդուի իբրեւ ժողովրդական փորձառութիւն եւ իմաստութիւն
առակ
öykü, fablարձակ կամ ոտանաւոր կարճ պատմուածք՝ որուն մէջ այլաբանական ձեւով կը խօսին մարդիկ՝ անասուններ կամ առարկաներ՝ ներքին բարոյական իմաստ մը արտայայտելու համար
առաձգական
esnekառաձիկ, ուզուած ձեւով ընդլայնող, ճկուն
առայժմ
şimdilikհիմակուհիմայ, ներկայիս
առանձին
tek başınaմինակ, զատ, անջատ
առանձնայատուկ
kendine has/özgüմիայն իրեն յատուկ, բնորոշիչ
առանձնաշնորհ
imtiyaz, ayrıcalıkմէկու մը տրուած յատուկ արտօնութիւն, մենաշնորհ
առանցք
eksenորեւէ մարմնի մէջէն անցնող անշարժ ուղիղ գիծ
առաջ
önայն ուղղութիւնը՝ որ կը գտնուի մարդուն երեսին դիմաց
առաջ
önceառաջին անգամ, նախ
առաջադրել
önermekբան մը ներկայացնել ապացուցանելու կամ պահանջելու համար
առաջարկել
teklif etmek, önermekմէկու մը առաջարկ բերել կամ անոր կարծիքին դիմել, մատուցանել
առաջին
ilkորմէ առաջ ուրիշ բան չի գտնուիր, նախկին, սկիզբի
առաջնորդ
kılavuz, önder, liderայն՝ որ առջեւէն կ՚երթայ ճամբան ցոյց տալու համար, ուղեցոյց
առաջնութիւն
birincilikյաջողութեամբ եւ կամ ժամանակով առաջին ըլլալ
առասպել
efsane, söylenceժողովրդական պատմական զրոյց՝ որուն նիւթը չափազանցուած է
առաստաղ
tavanառիք, շինութեան ծածկի ներքեւի մասը, ձեղուն
առատ
bolշատ, յորդ, լիուլի
առատաձեռնութիւն
cömertlikառատօրէն տալ, առատաձեռն ըլլալ
առարկայ
mevzu, konuինչ որ մեր միտքը կ՚զբաղեցնէ իբրեւ բովանդակութիւն կամ նիւթ
առարկայ
cisimանշունչ մարմին, նիւթ, որեւէ իր
առարկայական
objektif, somutառարկայի վերաբերեալ կամ իրողութեան համապատասխան եւ ոչ թէ անձնական նախառեալ կարծիքի, իրական
առարկան
dürbünմօտիկ եւ որոշ ցոյց կու տայ
առարկել
itiraz etmekհակառակ կարծիք յայտնել, ընդդիմախօսել
առարկութիւն
itirazհակառակ կարծիքի արտայայտութիւն, դիտողութիւն
առաւել
artı, daha da, fazlasıylaաւելի, աւելի շատ, սաստիկ
առաւօտ
sabahառտու, օրուան այն ժամանակը երբ արեւը կը ծագի
առաքեալ
havariՔրիստոսի տասներկու աշակերտները՝ որոնք ղրկուեցան Աւետարանը քարոզելու
առաքինութիւն
fazilet, erdemլաւ վարք ու բարք ունենալ, պարկեշտութիւն, ազնուութիւն
առաքում
gönderme, yollama, sevk, irsalգոյք կամ ծրար ղրկել, ուղարկում
առեղծուած
bilmece, muammaանհասկնալի կամ բացատրութեան կարօտ դէպք կամ երեւոյթ, հանելուկ
առեւանգել
kaçırmakկին կամ աղջիկ փախցնել, յափշտակել
առեւտուր
ticaret, alışverişառուտուր, ապրանք գնել եւ ծախել
առէջ
arış, çözgüոստայնանկութեան մէջ երկայնքի թելերուն շարքը
առէջ
ipçikծաղիկներու արու գործարանին բարակ թելի պէս մասը
առթիւ
vesileyle, münasebetleպատճառով, առիթով
առիթ
imkân, vesile, fırsatպատճառ, պատեհութիւն
առիւծ
aslanգիշակեր գազաններու ամէնէն ուժեղը՝ որ այս պատճառով կը կոչուի գազաններու թագաւոր
առհասարակ
genellikleընդհանրապէս, սովորաբար
առհարիւր
yüzdelikամէն մէկ հարիւրի վրայ հաշուուած տոկոս
առնել
almakձեռք բերել, իւրացնել, ստանալ, բռնել, գնել
առնուազն
en az, en azındanամէնէն քիչ, ամենապակաս