Skip to main content

Sözlük // Բառարան

անողոք

amansız

անողոքելի, այն՝ որ կակուղնալ չի գիտեր, խիստ, դաժան

անոնք

onlar

յոգնակի Գ դէմքի անձնական դերանուն

անոպայ

yabani

կոշտ ու կոպիտ, ըրածը չգիտցող, բիրտ

անորակ

kalitesiz

գէշ տեսակի, վատորակ

անորոշ

belirsiz

ինչ որ յստակ կամ որոշ չէ, տարտամ

անուանական

nominal

միայն անունով եւ ոչ-իսկական

անուանակից

adaş

միեւնոյն անունը ունեցող, համանուն

անուանարկել

hakaret etmek

անունը աւրել, վարկաբեկել

անուանել

adlandırmak

անուն տալ, կոչել, յորջորջել

անուանի

meşhur

ամէնուն կողմէ անունը լսուած, նշանաւոր, հռչակաւոր

անութ

koltuk

թեւի տակը

անուղղակի

dolaylı

ինչ որ շիտկէ շիտակ չէ, կողմնակի, շեղակի

անուղղայ

yaramaz

խօսք ու խրատ մտիկ չընող, անառակ

անուղղայ

ıslah olmaz

չշտկուող, անուղղելի

անուշ

tatlı

անոյշ, ինչ որ հաճելի է մեր զգայարաններուն, քաղցր

անուշադրութիւն

dikkatsizlik

ուշադրութեան պակաս, միտքը ցրուած ըլլալ

անուշահոտութիւն

esans, parfüm

այն անուշահոտ հեղուկը՝ զոր մարդիկ կը գործածեն աղուոր հոտելու համար

անուշնալ

tatlılaşmak

ուրիշներուն փափաքը կատարել անոնց հաճոյք պատճառելու համար, քաղցրանալ

անուշութիւն

tatlılık

անուշ ըլլալ, անուշի յատկութիւն

անուս

cahil

անուսում, դպրոց չտեսած կամ չկարդացած, տգէտ, անգրագէտ

անուրջ

rüya

երազ, ցնորք

անոք

kimsesiz, kimi kimsesi olmayan

մարդ չունեցող, որբ, անօգնական

անպակաս

eksiksiz

այն՝ որ չի պակսիր կամ չի հատնիր, անսպառ, անհատնում

անպաճոյճ

süssüz, sade

առանց զարդի, պարզ, անզարդ

անպայման

muhakkak, mutlaka

անպատճառ, առանց պայմանի, ինչ որ ալ ըլլայ

անպատեհ

uygunsuz

անյարմար, անվայել, անտեղի

անպատիւ

namussuz

պատիւ չունեցող, անարգ

անպատկառ

yüzsüz, utanmaz, arsız, hayasız

անամօթ, մէկը՝ որ ամչնալ չի գիտեր, լկտի

անպատճառ

muhakkak, mutlaka

անպայման, անշուշտ

անպատշաճ

uygunsuz

անվայել, անտեղի, անյարմար

անպատուել

onuruyla oynamak

պատիւէ զուրկ ձգել, յարգ ու պատիւէ զրկել, խայտառակել

անպատրաստ

hazırlıksız

առաջուընէ չպատրաստուած

անպէտ

lüzumsuz

անպիտան, այն՝ որ բանի չի ծառայեր, անօգուտ

անպէտ

faydasız, yararsız

անշահ

անպտուղ

verimsiz

ամուլ

անջատ

ayrı

զատուած, անկախ, զատ

անջատել

ayırmak

զատել, հեռացնել, բաժնել

անջրդի

çorak, kurak

ջուրէ կամ անձրեւէ զուրկ մնացած, չոր ու ցամաք, անջուր

անջրպետ

ara, uzay

հեռաւորութիւն, տարածութիւն

անսալ

dinlemek, söz dinlemek, kulak asmak, itaat etmek, uymak

խօսք մտիկ ընել, հնազանդիլ

անսահման

sınırsız

վերջ չունեցող, անհուն, անծիր

անսահման

uçsuz bucaksız

անհուն

անսայթաք

akıcı

սահուն, անխափան

անսայթաք

hatasız

առանց սխալելու, անվրէպ, հաստատ

անսասան

sarsılmaz

հաստատուն, անխախտ

անսիրտ

kalpsiz

չար, գէշ, անխիղճ

անսխալ

hatasız, yanlışsız

առանց սխալի, շատ ճիշդ

անսովոր

alışılmadık, olağan dışı

սովորականէն տարբեր, տարօրինակ, չտեսնուած

անսուաղութիւն

açlık

անօթութիւն

անսպասելի

beklenmedik

չսպասուած, յանկարծակի, անակնկալ