Skip to main content

Sözlük // Բառարան

բաժին

pay

բաժնուած ամբողջի մը ամէն մէկ մասը

բաժնեթուղթ

tahvil, aksiyon, hisse senedi

որեւէ առեւտրական ձեռնարկի մասնակից ըլլալու թուղթ, տոկոսաբեր թուղթ

բաժնել

bölmek, ayırmak, üleştirmek

մասերու վերածել, անջատել, զատել

բաժնետէր

hissedar

առեւտրական ձեռնարկի մէջ բաժին ունեցող

բալ

dil pası

հիւանդութեան ժամանակ լեզուին վրայ գոյացած ճերմակ նիւթը

բալ

vişne

բալենիի պտուղը

բախիլ

çarpışmak, bindirmek

իրարու զարնուիլ, ընդհարիլ

բախում

çarpışma, darbe, vuruş

երկու մարմիններու իրարու զարնուելու վիճակը, ընդհարում

բախտ

talih, şans, baht, kısmet

մարդոց յաջողութեան կամ ձախողութեան չգիտակցուած պատճառը

բախտախաղ

şans oyunu, kumar

խաղի այն տեսակները՝ որոնց յաջողութիւնը կախում ունի խաղացողի բախտէն

բախտաւոր

talihli, şanslı

աղէկ բախտ կամ յաջողութիւն ունեցող, երջանիկ

բակ

avlu, hol

տուներու դռնէն ներս մուտքի մասը

բակառութիւն

çiftleme

ոճի այն ձեւը՝ որուն մէջ բառերը կը համաձայնին ներքին իմաստով եւ ոչ թէ քերականական կանոնով

բահ

kürek, bel

հողը փորելու գործիք

Բաղաամ

Balam

Սուրբ Գրքին մէջ յիշուած գուշակ մըն է որ Մովաբի թագաւորին կողմէ կ՚երթար Իսրայէլացիները անիծել բայց օր մը իր էշը լեզու ելաւ ու յանդիմանեց իր տէրը՝ որ փոխանակ անիծելու՝ օրհնեց զանոնք [Գիրք Թուոց ԻԲ 22-35]

բաղադրել

türetmek, bileştirmek

առանձին մասերէն ամբողջութիւն մը կազմել, խառնել, համադրել

բաղադրութիւն

bileşim, bileşik

բաղադրութեամբ գոյացած նիւթ, խառնուրդ

բաղարջ

hamursuz

անխմոր հաց

բաղդատել

mukayese etmek, karşılaştırmak

առարկաներու միջեւ յարաբերութիւնը որոշել, համեմատել

բաղեղ

sarmaşık

մշտականաչ փաթթուող բոյս մը

բաղկանալ

oluşmak

մասերով կազմուիլ, բաղադրուիլ

բաղձալ

arzu etmek

սրտանց ուզել, փափաքիլ, ցանկալ, տենչալ

բաղձանք

arzu

ցանկութիւն, տենչանք, իղձ, փափաք

բաղնիք

hamam

շէնք՝ ուր տաք ջուրով կը լուացուին, լոգարան

բաճկոն

ceket

վերարկուի տակ հագնուած թեւաւոր զգեստ

բաճկոնակ

yelek

բաճկոնի տակ հագնուած թեւաւոր կամ անթեւ զգեստ

բամբ

bas

հաստ եւ ուժեղ (ձայն)

բամբասել

dedikodu yapmak

մէկու մը մասին սուտ կամ իրաւ վատ բաներ ըսել, չարախօսել

բամպակ

pamuk

ճերմակ՝ նուրբ եւ առաձգական բուսական մազ՝ զոր ոլորելով կը գործածեն իբրեւ թել եւ կամ իբրեւ կտաւ

բամպակեղէն

pamuklu

բամպակէ պատրաստուած կամ շինուած

բայ

fiil

եղանակի՝ ժամանակի՝ թիւի եւ դէմքի համաձայն փոփոխական բառ՝ որով նախադասութիւն կը կազմուի եւ ցոյց կու տայ գործողութիւն կամ վիճակ

բայարմատ

fiil kökü

բային արմատը կամ հիմնական մասը՝ որմէ կը կազմուի բայը “ել՝ իլ՝ ալ՝ ուլ” մասնիկները կցելով

բայց

fakat

շաղկապ՝ որ կը կապէ այնպիսի խօսքեր՝ որոնցմէ երկրորդը հակառակ է առաջինին

բան

şey

շինուած կամ բնական որեւէ իր կամ առարկայ

բան

logos

փիլիսոփայութեան մէջ աստուածային իմաստութիւն

բանագողութիւն

intihal, aşırma, eser hırsızlığı

ուրիշներու հեղինակածը իբրեւ իրենը ներկայացնել

բանադրանք

aforoz

եկեղեցական իշխանաւորին դրած պատիժը՝ որով հաւատացեալը կը զրկուի միւսներուն հետ հաղորդակցութենէ, նզովք

բանալ

açmak

ընել այնպէս որ այլեւս գոց չըլլայ, պարզել

բանալի

anahtar

փականք մը բանալու գործիք

բանակ

ordu

զինուորներու մեծ խումբ, զօրագունդ

բանական

akıllı

այն՝ որ ընդունակ է դատելու եւ միտքը խօսքով արտայայտելու

բանական

mantıklı

առողջ դատողութեան վրայ հիմնուած, խելքի մօտիկ

բանականութիւն

akıl

դատելու եւ միտքը խօսքով արտայայտելու կարողութիւն

բանակատեղի

ordugâh

զօրքերու կայանը

բանակել

ordugâh kurmak, konuşlanmak

բանակով դիրք գրաւել (հանգստանալու կամ կռուելու համար)

բանակռիւ

münakaşa, tartışma

բանավէճ, խօսքով կամ գրով կռիւ, վիճաբանութիւն

բանակցութիւն

görüşme

որոշ հարց մը լուծելու համար փոխադարձ խօսակցութիւն, պայմանախօսութիւն

բանաձեւ

taslak, tasarı

խօսքի ձեւ կամ որոշումի մը ձեւակերպուած եզրակացութիւնը

բանասէր

filolog

լեզու ուսումնասիրող, լեզուաբան

բանաստեղծ

şair

խօսքը գեղեցիկ ու պատկերաւոր կերպով ստեղծագործող, քերթող