Skip to main content

Sözlük // Բառարան

բնութիւն

tabiat, doğa

ամբողջութիւնը այն բոլորին ինչ որ կայ, տիեզերք

բշտիկ

sivilce

պզտիկ ուռեցք՝ որ կը գոյանայ մորթին տակ ջուր հաւաքուելով

բոլոր

bütün

ամբողջը իր մէջ պարունակող, ամբողջ

բոլորել

tamamlamak, doldurmak, etrafını çevirmek

շրջան կատարել կամ լրացնել

բոլորել

(etrafına) toplamak

հաւաքել, խմբել

բոլորովին

bütünüyle, büsbütün

ամբողջովին, հիմնովին

բոլորտիք

etraf

չորս կողմը, շուրջ բոլորը

բոկեղ

simit

օղակաձեւ հացիկ յաճախ վրան կնճիթ ցանուած

բոկոտ

yalınayak

բոկոտն, բոպիկ

բողբոջ

filiz

պտուկ, ծիլ

բողբոջիլ

filizlenmek

ծլիլ, բացուիլ, ծաղկիլ

բողկ

turp

կլոր կամ իլիկաձեւ արմատով բոյս մը՝ որուն համը կծու է

բողկուկ

duyarga

միջատներու շօշափելիք

բողկուկ

yabani turp, turp otu, acırga

վայրի բողկ

Բողոքական

Protestan

Աւետարանական

բողոքել

protesto/ şikâyet etmek

դժգոհութիւն յայտնել, գանգատիլ

բոյն

yuva

թռչուններու ինչպէս նաեւ կարգ մը միջատներու եւ ձուկերու բնակութեան տեղ

բոյս

bitki

այն ապրող գոյութիւնները՝ որոնց արմատը հաստատուած է հողին մէջ

բոպիկ

yalınayak

բոկոտն, առանց ոտնամանի

բոսոր

al, kızıl

կարմիր, ծիրանեգոյն

բով

pota

այն ամանը՝ որուն մէջ մետաղը կը հալեցնեն, հալոց, քուրայ

բովանդակ

bütün, tüm

ամբողջ, բոլոր

բոր

cüzam

մաշկի վարակիչ հիւանդութիւն մը, ուր(ու)կութիւն ուրկոտութիւն

բոր

uyuz

բորոտ, մաշկի հիւանդութիւն մը, բորոտութիւն

բորակածին

azot

քիմիական կազային մարմին մը

բորբոս

küf

մգլածութիւն

բորբոքիլ

köpürmek

գրգռուիլ (կիրքերու)

բորենի

sırtlan

գիշակեր գազան մը

բոց

alev

կրակին այրող մասը

բոցավառիլ

alev almak, alevlenmek

բոց արձակելով վառիլ

բու

baykuş

գիշերային գիշատիչ թռչուն մը

բութ

küt, kör

ոչ-սրածայր, ծայրը հաստ

բութ

geniş [açı]

երկրաչափութեան մէջ ուղիղ անկիւնէն աւելի մեծ անկիւն

բուժավայր

kaplıca

առողջարար կլիմայ կամ հանքային ջուրեր ունեցող տեղ՝ ուր հիւանդները կ՚երթան բուժուելու կամ կազդուրուելու համար

բուժել

tedavi etmek

բժշկել, դարմանել, աղէկցնել

բուծանել

beslemek, yetiştirmek, üretmek

կերակրել, սնուցանել (անասունները)

բուն

asıl

Իսկական

բուն

gövde

ծառի մը արմատէն մինչեւ ճիւղերը երկարած մասը

բուռ

avuç

ձեռքի մէջի փոսը, ափ

բուռն

şiddetli

սաստիկ, ուժեղ, խիստ

բուսաբանութիւն

bitkibilim, botanik

բոյսերը ուսումնասիրող գիտութիւն

բուսական

bitkisel

բոյսի վերաբերեալ, բուսային

բուսականութիւն

bitkiler, bitki örtüsü, flora

բոլոր բոյսերու ամբողջութիւնը

բուսնիլ

bitmek, çıkmak

սերմէն ծիլ արձակել եւ հողին վրայ երեւալ

բուստ

mercan

ծովային կրացած մարմին մը (առհասարակ կարմիր գոյնով) որ կը գործածուի իբրեւ զարդեղէն

բուրգ

piramit

քառակուսի խարիսխով եւ դէպի վեր հետզհետէ նեղցող շինութիւն

բուրդ

yün

ոչխարներու եւ քանի մը ուրիշ կենդանիներու մազերը, ասր

բուրել

koku salmak, (güzel) kokmak

անոյշ հոտ արձակել

բուրում

rayiha, koku

բուրմունք, անուշահոտութիւն

բուրումնաւէտ

rayihalı

հաճելի բուրմունք ունեցող