Skip to main content

Sözlük // Բառարան

գերազանցել

aşmak, geride bırakmak

լաւ յատկութիւններով բոլորէն բարձր ըլլալ, գերիվեր ըլլալ

գերակայութիւն

üstünlük

ամէնէն բարձր դիրքը ունենալ, գերազանցութիւն

գերահռչակ

meşhur

շատ համբաւաւոր, երեւելի

գերան

direk, kiriş, mertek

քառակուսի տաշուած մեծ ծառ՝ որ կը գործածուի իբրեւ շինութեան ատաղձ

գերանդի

tırpan

մեծ մանգաղ՝ որ հնձելու կը ծառայէ

գերբնական

doğaüstü, olağanüstü

բնականէն վեր կամ բարձր, ինչ որ բնութեան օրէնքներով կարելի չէ բացատրել

գերդաստան

sülale, aile

միեւնոյն ծագումը ունեցող ընտանիք, ազգատոհմ

գերեզման

mezar

մեռեալին թաղուած տեղը կամ փոսը, շիրիմ, տապան

գերեզմանատուն

mezarlık

գերեզմաննոց, այն տեղը՝ ուր գերեզմաններ կը գտնուին

գերել

esir almak

գերի բռնել

գերել

esir etmek

հրապուրել, հմայել, առինքնել

գերեվաճառ

esir tüccarı

այն մարդը՝ որ գերիներ կը գնէ ու կը ծախէ

գերի

esir

այն մարդը՝ որ թշնամիի ձեռք ինկած ու ազատութիւնը կորսնցուցած է

գերիվեր

üstün

շատ աւելի վեր, գերազանց

գերծել

tıraş etmek

ածիլել, սափրել

գերմարդ

üstinsan

բարոյապէս եւ մտաւորապէս շատ ուժեղ մարդ

գերմարդկային

insanüstü

մարդկային ոյժէն վեր

գզգզուած

lime lime

իրարմէ կտոր-կտոր զատուած, պատռտած

գզել

taramak

բուրդը կամ բամպակը սանտրել

գզուըտիլ

dalaşmak

իրարու հետ գզուիլ, ծեծկուիլ, կռուիլ

գզրոց

çekmece

սեղանի կամ պահարանի պզտիկ արկղ, դարակ

գէթ

hiç olmazsa, bari

գոնէ, առնուազն

գէշ

leş

սատկած անասուն, դիակ

գէշ

kötü, fena

չար, վատ, յոռի

գէս

kuyruk

պոչ

գէս

saç

երկայն մազ

գէր

şişman

պարարտ, գիրուկ, ճարպոտ

գթալ

acımak

կարեկցիլ, մեղքնալ, խղճալ

գժտութիւն

küskünlük

յարաբերութեան խզում

գժտուիլ

küsmek

յարաբերութիւնը խզել, սրդողիլ

գի

ardıç ağacı

գիհի, նոճիի նմանող ծառ մը

գիծ

çizgi

երկայնութիւն ցոյց տուող նշան

գին

fiyat

որեւէ բանի արժէքը, փոխարժէք

գինեմոլ

ayyaş, içkici, şarapçı

գինիի կամ ոգելից ըմպելիի մոլի, խման

գինետուն

meyhane

խանութ՝ ուր գինի կը ծախեն կամ գինի կը խմեն, կապելայ

գինի

şarap

խաղողի ջուրէն պատրաստուած ոգելից ըմպելի

գինձ

kişniş

բոյսի մը պտուղը՝ որ չամիչի կը նմանի եւ կը գործածուի իբրեւ համեմ

գինովնալ

sarhoş olmak

գինով դառնալ, արբենալ

գիշակեր

leş yiyen, leşçil

հում միս կամ դիակ ուտող (գազան, թռչուն)

գիշատել

paralamak

բզկտել, յօշոտել

գիշատիչ

yırtıcı

մարմինը ծուիկ-ծուիկ ընող, գիշատող

գիշեր

gece

օրուան այն ժամանակը՝ երբ արեւը հորիզոնին տակ կը գտնուի, մութ, խաւար

գիշերազգեստ

gecelik

գիշերուան զգեստ՝ զոր կը հագնին սենեակի մէջ

գիշերաշրջիկ

uyurgezer

այն՝ որ քունի մէջ կը քալէ

գիշերապահ

gece bekçisi

գիշերուան պահապան

գիշերել

gecelemek, yatıya kalmak

գիշերը մնալ, գիշերը անցընել

գիշերօթիկ

yatılı

ուր կարելի է ցերեկ-գիշեր մնալ (վարժարան)

գիսաւոր

kuyrukluyıldız

պոչաւոր աստղ

գիտակ

bilen, bilgili, haberdar

գիտցող, տեղեակ, բանիմաց

գիտական

ilmi, bilimsel

գիտութեան վերաբերեալ, գիտութեան համար կատարուած