Skip to main content

Sözlük // Բառարան

գրեխ

şırınga, lavman

գործիք մը՝ որով հեղուկ կը ներարկեն աղիքներուն՝ սրբանէն ներս

գրիչ

(yazı) kalem(i)

մելանով գրելու գործիք

գրկել

kucaklamak

փաթթուիլ

գրոհ

taarruz etmek

տալ խումբով յարձակիլ, խուժել

գրող

yazar

գրագէտ, հեղինակ

գրուածք

yazı

գրուած կամ տպուած հեղինակութիւն, գրութիւն

գրութիւն

yazı

որեւէ գրուած բան (արձանագրութիւն, թղթակցութիւն, նամակ եւն.)

գրչագիր

elyazması, yazma

գրիչով կամ ձեռքով գրուած (գիրք), ձեռագիր

գրչատուփ

kalemlik

գրչաման, այն տուփը՝ որուն մէջ կը պահեն գրիչ՝ մատիտ եւն.

գրպան

cep

հագուստի վրայ կարուած փոքրիկ քսակ (զանազան իրեր պահելու համար)

գրպանել

cebine atmak

գրպանը դնել, գողնալ, իւրացնել

գրքակալ

rahle

վրան գիրք դնելու շարժական եւ ծալլուող սեղան՝ որ կը գործածուի ընդհանրապէս եկեղեցիներու մէջ

գրքոյկ

kitapçık, broşür

փոքր գիրք

գօտեմարտ

güreş

ձեռքի կռիւ (իրար փաթթուելով), ըմբշամարտ

գօտի

kuşak

երկրագունդի մակերեւոյթին իւրաքանչիւր բաժանումը (տեղի ջերմութեան համաձայն)

գօտի

kemer

կաշիէ կամ ուրիշ նիւթէ պատրաստուած երիզ՝ որ կը գործածուի իբրեւ կապ

դագաղ

tabut

այն սնտուկը՝ որուն մէջ մեռեալ կը դրուի

դադար

ara, dinlenme

հանգիստ, աշխատանքի ընդմիջում

դադրեցնել

durdurmak, son vermek

կեցնել, կասեցնել

դադրիլ

durmak, kesilmek

կենալ, կասիլ

դադրիլ

dinmek

կտրիլ, հատնիլ

դաժան

haşin, acımasız

չար, անողորմ, խոժոռ, բիրտ

դալար

yeşil(lik)

բուսնող կանանչ խոտ

դալար

taze, körpe, diri

թարմ, նոր, մատղաշ

դալարաչուի

yeşil gözlü

կանանչ աչքերով

դալարիք

yeşillik

դալարի, կանանչութիւն, բուսեղէն

դալկահար

soluk (yüzlü)

մեռելի պէս դեղնած կամ տժգոյն, դալկադէմ

դալուկ

sarılık

դեղնախտ (հիւանդութիւն)

դահիճ

cellat

պատիժը գործադրող

դահլիճ

salon

պաշտօնական տեսակցութեան կամ խորհրդակցութեան սրահ

դահլիճ

kabine

պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ժողով

դամբան

kabir, mezar

դամբարան, գերեզման, շիրիմ, տապան

դայեակ

ebe

մանկաբարձ կին՝ որ նորածինը կը խնամէ

դանակ

bıçak

կոթով գործիք մը՝ որ (հաց, միս եւն.) կտրելու կը ծառայէ

դանդաղ

ağır, yavaş

դանդաղկոտ, կամաց կամ ծանր շարժող, յամր

դանդաղիլ

yavaşlamak, ağırdan almak

կամաց շարժիլ, տնտնալ, յուլանալ

դաշն

akit, bağıt

դաշինք, համաձայնութիւն, պայմանագրութիւն

դաշնագիր

muahede, antlaşma

գրաւոր դաշինք

դաշնակ

piyano

դաշնամուր, մետաղեայ լարերով եւ ստեղնաշարով նուագարան մը

դաշնակահար

piyanist

դաշնակ նուագող (արուեստագէտ)

դաշնակից

müttefik, bağlaşık

իրարու հետ համաձայնած կամ պայմանաւորուած (պետութիւն), ուխտակից

դաշոյն

hançer

երկսայրի եւ սրածայր փոքր սուր

դաշունահարել

hançerlemek

դաշունել, դաշոյնով զարնել

դաշտ

ova

տափարակ գետնի տարածութիւն, հարթավայր, տափաստան

դաշտամուկ

tarla faresi

դաշտերու մէջ ապրող մուկ

դաշտան

âdet

կիներու ամսական արիւնահոսութիւնը

դառն

acı

լեղի, անախորժ

դառնալ

dönmek

ուղղութիւնը փոխել

դառնանալ ժ

öfkelenmek

բարկանալ, զայրանալ, սրտմտիլ

դառնութիւն

öfke

զայրոյթ, բարկութիւն