Skip to main content

Sözlük // Բառարան

մշտնջենական

ebedi

վերջ չունեցող, յաւիտենական

մոգ

kâhin

գուշակ, մարգարէ

մոգական

sihirli, büyülü

կախարդական, դիւթիչ

մոլեգին

vahşi

կատաղի, վայրագ

մոլեգին

azgın

սաստիկ, ուժգին

մոլեռանդ

bağnaz, fanatik

ծայրայեղ եռանդ ունեցող (որեւէ գաղափարի կամ կրօնքի նկատմամբ)

մոլի

şiddetli

բուռն, սաստիկ

մոլի

müptela, tiryaki, bağımlı

մոլութիւն ունեցող

մոլոր

yolunu kaybetmiş

մոլար, մոլորած

մոլորակ

gezegen

արեւուն շուրջ դարձող (որպէս՝ արբանեակ)

մոլորեցնել

yoldan çıkarmak

սխալ կամ գէշ ճամբու առաջնորդել, սայթաքեցնել

մոլորիլ

yanılmak

սխալիլ, սայթաքիլ

մոլորիլ

yolunu kaybetmek

ճամբան կորսնցնել

մոլորիլ

afallamak

շուարիլ

մոլութիւն

iptila, kötü alışkanlık

ծայրայեղութեան՝ կամ չափազանցութեան տարուած սովորութիւն, գէշ ունակութիւն

մոխիր

kül

այրած նիւթերու մնացորդը, աճիւն

մողէզ

kertenkele

մողէս, անվնաս սողուն մը

մոմ

balmumu

մեղրամոմ

մոմ

mum

ճարպային նիւթ՝ որ իբրեւ ճրագ կը գործածուի

մոմլաթ

muşamba

մոմով պատած՝ ջուրի եւ օդի նկատմամբ անթափանց կտաւ

մոյթ

dayak, payanda, destek

ծռած բան մը ուղիղ կեցնելու յենակ, նեցուկ

մոյկ

çizme

մոյգ, մինչեւ ծունկ հասնող կօշիկ

մոռնալ

unutmak

անուշադրութեամբ տեղ մը թողուլ (որեւէ իր)

մոռցուիլ

unutulmak

չյիշուիլ

մորենի

böğürtlen

մորմենի, փշոտ թուփ մը՝ որ սեւ թութի նման պտուղ կու տայ

մորթ

deri

մարդոց եւ անասուններու մարմինը պատող մաշկ

մորթել

boğazlamak, kesmek

վիզը դանակով կտրել եւ սպաննել, զենուլ

մորմոք

keder, acı

մռմուռ, կսկիծ, ցաւ, վիշտ

մութ

karanlık, koyu

լոյսի բացակայութիւն, խաւար

մուխ

duman

ծուխ՝ որ առանց բոցի այրող կրակէն կ՚ելլէ

մուկ կրծող

fare

կենդանի մը (խիստ վնասակար)

մուճակ

terlik

տան մէջ հագնելու ոտնաման

մունետիկ

tellal

աճուրդի գիները աղաղակող պաշտօնեայ

մուշ-մուշ

mışıl mışıl

մշիկ-մշիկ, հանդարտ (քուն)

մուշկ

misk

շատ հոտաւէտ՝ անուշահոտ իւղ մը

մուշտակ

kürk

անասուններու մազոտ մորթը

մուսայ

esin perisi

յոյն դիցաբանութեան մէջ Զեւսի ինը աղջիկները՝ որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հովանաւորէր արուեստի ճիւղ մը

մուտք

girdi

հասոյթ, եկամուտ

մուտք

giriş

ելքին հակառակը, մտնել

մուրալ

dilenmek

ողորմութիւն խնդրել

մուրացիկ

dilenci

մուրացկան, մուրիկ, մուրացող

մուրացկանութիւն

dilencilik

մուրալով ապրիլ

մուրհակ

senet

պարտքի փոխարէն ստորագրուած թուղթ, պարտաթուղթ

մուրճ

çekiç

երկաթէ գործիք մը (փայտէ կոթով), ուռն, կռան

մռայլ

bulanık

միգամած

մռայլ

karanlık

մութ

մռնչել

kükremek

ուժգին ձայնով գոչել (առիւծի)

մսակեր

etçil, etobur

միս ուտող, միսով սնանող

մսավաճառ

kasap

միս ծախող, մսագործ

մսեցնել

üşütmek

ցուրտէն հիւանդանալ, պաղեցնել