Skip to main content

Sözlük // Բառարան

մսիլ

üşümek

ցուրտ զգալ, պաղիլ

մսխել

israf etmek, savurmak

չափազանց ծախսել, վատնել,

մսուտ

etli

վրան շատ միս ունեցող

մսուր

yemlik

անասուններու խոտ ուտելու տեղը (ախոռի մէջ)

մտաբերել

düşünmek

մտածել, խորհիլ

մտաբերել

aklına getirmek

միտքը բերել, յիշել, վերյիշել

մտադրել

aklına koymak, tasarlamak, niyet etmek

միտքը դնել, որոշել

մտադրութիւն

düşünce, tasarı, niyet

դիտաւորութիւն, նպատակ, միտք

մտածել

düşünmek

դատողութիւն ընել, խորհիլ

մտածկոտ

düşünceli

մտածումի մէջ թաղուած, մտազբաղ

մտածում

düşünce

խորհուրդ, գաղափար

մտահոգութիւն

kaygı

մտատանջութիւն, միտքը զբաղեցնող կամ տանջող հոգ

մտային

zihinsel

մտքի վերաբերեալ, մտաւոր

մտայնութիւն

düşünce, anlayış, mantalite

մտածելու կերպ, միտք, նպատակ

մտապատկեր

imge

որեւէ առարկայի կամ երեւոյթի պատկերը՝ որ կ՚արթննայ մեր գիտակցութեան մէջ

մտացածին

hayali

երեւակայական, շինծու, անգոյ

մտացիր

dalgın

միտքը ցրուած, անուշադիր

մտաւորական

aydın

այն անձը՝ որ մտքի կամ մշակոյթի վերաբերեալ բաներով կ՚զբաղի

մտերիմ

samimi, ahbap

որմէ գաղտնիք չենք պահեր, սրտակից

մտերմութիւն

samimiyet

սրտակից բարեկամութիւն

մտիկ

dinlemek

ընել ականջ դնել, լսել

մտնել

girmek

դուրսէն ներս գալ

մտրակ

kamçı

չուանէ կամ կաշիէ՝ ծեծելու գործիք, խարազան

մտրուկ

tay, sıpa

ձիու կամ իշու ձագ, քուռակ

մրափ

şekerleme

թեթեւ քուն

մրգաստան

yemişlik, meyvelik, meyve bahçesi

պտուղներու պարտէզ, պտղաստան

մրկել

yakmak, kavurmak

այրել, խանձել

մրմնջել

mırıldanmak

մեղմ ձայնով՝ քիթին տակէն բան մը ըսել

մրմունջ

mırıltı

մեղմ ձայն (խօսքի կամ երգի)

մրոտել

karalamak

մուր քսել, աղարտել

մրուր

tortu, telve

որեւէ հեղուկի տակը հաւաքուած մասը դիրտ

մրջիւն

karınca

գետնի մէջ ապրող միջատ մը

մրտենի

mersin

մշտադալար ծառ մը

մրտիմ

çamurcun, çıkrıkçın

վայրի բադ (ջրային թռչուն մը)

մրրիկ

fırtına

սաստիկ հով, փոթորիկ, ամպրոպ

մրցակից

rakip

մրցորդ, հակառակորդ

մրցանակ

ödül

մրցումին մէջ յաղթողին տրուած արժէքաւոր նուէր

մրցանիշ

rekor

մրցումի մէջ բարձրագոյն աստիճան

մրցիլ

yarışmak, karşılaşmak

մրցում ընել, գօտեմարտիլ

մրցում

yarış, karşılaşma, maç

մրցութիւն, իրար գերազանցելու կամ յաղթելու ճիգ

մօտ

yakın

ոչ-հեռու, մերձ

մօտալուտ

yaklaşan

մօտ ատենէն գալիք, վերահաս

մօտակայ

yakın(daki), gelecek

մերձակայ, մօտը գտնուող, դրացի

մօտաւոր

yakın

մօտակայ

մօտաւոր

yaklaşık

մերձաւոր

մօտենալ

yaklaşmak

մօտը գալ, մերձենալ

մօտիկ

yakın

մօտը գտնուող, ոչ-հեռու, մերձաւոր

մօտութիւն

yakınlık

մօտաւորութիւն, մօտ ըլլալու վիճակ, մտերմութիւն

մօրեղբայր

dayı

մօրը եղբայրը, քեռի

մօրու

analık

խորթ մայր, մօրացու