Skip to main content

Sözlük // Բառարան

փոքրանալ

küçülmek

փոքր դառնալ, պզտիկնալ

փոքրաքանակ

sayıca/miktarca az, az miktarda, perakende

փոքր քանակութեամբ

փոքրիկ

küçü(cü)k, ufa(cı)k

շատ փոքր

փոքրոգի

yüreksiz

վախկոտ

փոքրոգի

adi, aşağılık

ոչ-վեհանձն, վատասիրտ

փչել

esmek

հով գոյանալ

փչել

üflemek

շրթներով հով արձակել

փռապան

fırıncı

փռնապան, փուռ բանեցնող

փռել

sermek, yaymak

լայն բանալ, սփռել, տարածել

փռնգտալ

aksırmak

փռշտալ, փռնչել, յանկարծական կծկումով մը՝ թոքերուն մէջ գտնուող օդը բերնէն ու քիթէն դուրս հանել

փռոց

yaygı, örtü

սփռոց, ծածկոց

փռուիլ

serilmek, yayılmak

ամբողջ մարմնով տեղ գրաւել, տարածուիլ

փսիաթ

hasır

կնիւնէ հիւսուած ծածկոյթ, խսիր

փսխել

kusmak

ստամոքսի կծկումով՝ կերածը բերնէն դուրս հանել, սիրտը ետ գալ

փսոր

kırıntı

փշուր, փոքր կտոր

փսփսալ

fısıldamak

գաղտնի մրմնջել, հծծել, շշնջել

փսփսուք

fısıltı

շշունջ, հծծիւն

փտիլ

çürümek

քայքայուիլ (բոյսերու)

փրթիլ

kopmak

տեղէն անջատուիլ

փրկարար

kurtarıcı

փրկող, փրկիչ, ազատարար,

փրկել

kurtarmak

մահէ կամ փորձանքէ ազատել,

փրկիչ

kurtarıcı

փրկող

փրկութիւն

kurtuluş

փրկանք, ազատութիւն

փրցնել

koparmak

այնպէս ընել որ փրթի

փրփուր

köpük

սպիտակ պղպջակ (ջուրի, օճառի)

փրփրադէզ

köpük köpük, köpüklü

շատ փրփրած, փրփրալից

փրփրալից

köpük dolu, köpüklü

փրփուրով լեցուն, շատ փրփուր ունեցող, փրփրադէզ

փրփրեմ

semizotu

թանձր տերեւներով բանջարեղէն մը

փրփրիլ

köpürmek

փրփուր գոյանալ, փրփուր դառնալ

փքանալ

şişinmek

սոնքալ, հպարտանալ

փքոց

körük

օդը ոյժով դուրս փչելու գործիք

փքուռոյց

şişirilmiş

սնամէջ, դատարկ

փքուռոյց

rüzgâr(la) dolu, şişkin

փուքով ուռած

Ք

x, bilinmeyen, iks

անծանօթ

քալել

yürümek

քայլերով ընթանալ, երթալ

քած

kancık

էգ անասուն, մատակ

քակել

sökmek

կապուած՝ հիւսուած կամ կցուած մասերը իրարմէ բաժնել, անջատել

քակոր

tezek

անասունի աղբ, թրիք, աթար

քահանայ

rahip, papaz

կրօնաւոր պաշտօնեայ, տէրտէր, երէց

քաղաք

şehir, kent

նահանգի մը այն մասը՝ որու բնակիչներուն մեծամասնութիւնը կը կազմեն առեւտրականներ՝ բանուորներ եւ պաշտօնեաներ

քաղաքական

sivil, medeni

ինչ որ սահմանուած է պետական օրէնքով իբրեւ պարտականութիւն եւ իրաւունք՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար

քաղաքական

siyasi

քաղաքականութեան վերաբերեալ

քաղաքականութիւն

siyaset, politika

պետութեան մը ներքին եւ արտաքին գործերը կառավարելու եղանակ

քաղաքակիրթ

uygar

քաղաքակրթութիւն ունեցող

քաղաքակրթութիւն

medeniyet, uygarlık

հաւաքական կեանքի մէջ՝ նախնական ապրելակերպէ մը աւելի բարձր վիճակ՝ զգալու՝ մտածելու եւ գործելու (զոր կը վայելենք բնութեան դէմ մարդկային նուաճումներու՝ գեղարուեստի եւ գիտութիւններու յառաջդիմութեան շնորհիւ), մշակոյթ

քաղաքապետ

belediye başkanı

քաղաքի գործերու վարիչ

քաղաքավար

terbiyeli

կրթուած, բարեկիրթ

քաղաքացի

yurttaş, vatandaş

իբրեւ հայրենակից՝ քաղաքական պարտականութիւններու եւ իրաւունքներու տէր անձ

քաղել

toplamak, derlemek

հատ-հատ փրցնել եւ հաւաքել

քաղիրթ

işkembe

որոճացող անասուններու ստամոքսը