Skip to main content

Sözlük // Բառարան

քաղց

açlık

անօթութիւն, անսուաղութիւն

քաղցկեղ

kangren

փտախտ հիւանդութիւնը

քաղցկեղ

kanser

կեղ պատճառող հիւանդութիւն մը

քաղցու

şıra

նոր ճմլուած խաղողի հիւթ

քաղցր

tatlı

ինչ որ հաճելի է մեր զգայարաններուն, անոյշ

քաղցրանալ

tatlılaşmak

քաղցր դառնալ, անուշնալ

քաղցրութիւն

tatlılık

անուշութիւն

քաղքենի

burjuva

բարեկեցիկ քաղաքացի

քամակ

sırt, arka

կռնակ, թիկունք, շալակ

քամահրել

küçümsemek

արհամարհել, անգոսնել

քամել

sıkmak, süzmek

հեղուկը դուրս վազցնել (ճմլելով)

քամի

rüzgâr

հով, հողմ

քամոց

süzgeç

քամիչ, հեղուկը քամելու ծակոտկէն կազմած

քայլ

adım

ոտքի տեղափոխութիւն՝ իբրեւ շարժում, քայլափոխ, ոտնաքայլ

քայլափոխ

adım

քայլ մը փոխել, քայլ

քայլերգ

marş

երաժշտութիւն՝ որուն չափը յարմարցուած է մարդոց քայլերուն

քայռ

gerdanlık, kolye

քայռամանեակ, մանեակ

քայքայել

dağıtmak, bozmak yıkmak, çözmek, yitip bitirmek, yemek, çürütmek, harap etmek

ամբողջութիւն մը անպէտ մասերու վերածել, կազմալուծել, քանդել

քանակ

miktar, nicelik

ինչ որ կրնայ աւելի կամ պակաս ըլլալ եւ չափուիլ, չափ, քանակութիւն

քանակ

cetvel

ուղիղ գիծ քաշելու կազմած

քանակական

nicel(ik)

քանակ ցոյց տուող

քանակութիւն

nicelik, miktar

քանակ, չափ

քանդակ

oyma

փորագրելով շինուած պատկեր կամ զարդ

քանդակագործ

oymacı, yontucu

քանդակներ կամ արձաններ շինող արուեստագէտ, արձանագործ

քանդել

yıkmak

փլցնել, կործանել, աւերել

քանի

kaç

որքան, որչափ, ինչ չափով որ

քանորդ

bölüm

այն արդիւնքը՝ զոր կ՚ստանանք թիւ մը ուրիշ թիւի մը մէջ բաժնելով

քաշել

çekmek

ոյժ գործադրելով դէպի իրեն շարժել

քաշուիլ

çekilmek

հեռանալ

քաշուիլ

çekinmek

ամչնալ

քաշքշել

çekiştirmek

քաշկռտել, այս ու այն կողմ քաշել

քաջ

yiğit

կտրիճ մարդ

քաջ

cesur

արիասիրտ, անվախ, անվեհեր

քաջագործութիւն

kahramanlık, yiğitlik

քաջութեամբ կատարուած գործ, սխրագործութիւն

քաջալերել

teşvik etmek, cesaret/şevk vermek

սրտապնդել, խրախուսել

քաջածանօթ

(iyice) vâkıf

լաւ տեղեակ, հմուտ

քաջութիւն

cesaret, yiğitlik

արիութիւն, անվեհերութիւն

քառակուսի

kare

երկրաչափական ձեւ՝ որ ունի չորս հաւասար կողմ եւ չորս ուղիղ անկիւն

քառապատիկ

dört kat/misli

չորս անգամը, չորեքպատիկ

քառասմբակ

dörtnal(a)

քառատրոփ, ձիու մը ամէնէն արագ վազքը

քառասուն

kırk

չորս անգամ տասը

քառեակ

rubai

չորս տողէ բաղկացած բանաստեղծութիւն

քառորդ

çeyrek

չորս հաւասար մասերէն մէկը, մէկ չորրորդ

քասքնելի

ürperti/ürküntü verici

քստմնելի, զարհուրելի, պակուցիչ

քար

taş

հաստատուն եւ կարծր մարմին՝ որ կը գտնուի երկրին վրայ ու հողին տակ

քարածուխ

taşkömürü

քարացած ածուխ, հանքածուխ

քարակոփ

taşçı

քարատաշ, քար կոփող արհեստաւոր

քարայր

mağara

քարանձաւ, փորուած ապառաժ, այր

քարանալ

taşlaşmak

քար կտրիլ

քարաշէն

taş, kâgir

քարակերտ, քարէ շինուած