Skip to main content

Sözlük // Բառարան

քնաթաթախ

uykulu, mahmur

դեռ քունէն չսթափած

քնանալ

uyumak

քունի մէջ ըլլալ, ննջել

քնաշրջիկ

uyurgezer

տեսակ մը հիւանդ, գիշերաշրջիկ

քնատ

uykusuz

քնհատ, քիչ քնացած, անքուն մնացած

քնար

rubap

հին՝ լարաւոր նուագարան մը

քնարերգութիւն

lirik şiir

բանաստեղծութիւն՝ որ կ՚արտայայտէ բանաստեղծին զգացումները (ինչպէս՝ սէր, վիշտ, ցանկութիւն եւն.)

քննադատ

eleştirmen

քննադատութիւն կատարող (անձ)

քննադատել

eleştirmek

որեւէ գործ քննել եւ ցոյց տալ անոր առաւելութիւններն ու թերութիւնները

քննադատութիւն

eleştiri

ցոյց տալ գործի մը լաւ կամ գէշ կողմերը

քննադատութիւն

tenkit

խօսքով կամ գրով յարձակում (որեւէ անձի կամ անոր գործունէութեան վրայ)

քննել

incelemek

զննել

քննիչ

müfettiş

քննութիւն կատարող (անձ)

քննութիւն

inceleme

ստուգելու համար կատարուած պրպտում

քննութիւն

soruşturma

դատական հարցաքննութիւն

քննութիւն

sınav

դպրոցական հարցաքննութիւն

քնքուշ

narin, nazik

քնքոյշ, փափուկ, նուրբ, գողտրիկ

քնքուշ

şirin, tatlı

սիրալիր

քշել

sürmek

վարել

քշել

sürüklemek

ետեւէն հրելով տանիլ

քոյր

sör

կուսանոցի մը կոյսերէն իւրաքանչիւրը (միւս կոյսերուն նկատմամբ)

քոյր

kardeş

միեւնոյն ծագումը ունեցող

քոյր

kız kardeş

ծնողքի մը աղջիկ զաւակներէն իւրաքանչիւրը (միւս զաւակներուն նկատմամբ)

քոս

uyuz

մորթի վարակիչ հիւանդութիւն մը (բորի նման)

քոս

kabuk

վէրքի կեղեւ

քով

yan

մօտ, կողքին

քովնտի

yan

կողմնակի

քուէ

rey, oy

ընտրական ձայն

քուէ

zar

խորանարդի ձեւով ոսկոր (նարտախաղի)

քուէ

kura

բախտի վիճակ

քուէարկել

oylamak

քուէարկութեամբ ընտրութիւն կատարել կամ հարց մը որոշել

քուն

uyku

քնանալու պահանջ

քունք

şakak

աչքի եւ ականջի միջեւ գտնուած մասը

քուռակ

sıpa, tay

իշու կամ ձիու ձագ, մտրուկ

քուրայ

pota

հալոց, բով

քուրմ

kâhin

հեթանոսական կրօնաւոր

քուրջ

paçavra

քուրչ, հինցած լաթի կտոր, ցնցոտի

քսակ

kese

փոքր պարկ (դրամ դնելու)

քսակահատ

yankesici

գրպանի մէջէն քսակ գողցող

քսան

yirmi

երկու անգամ տասը

քսել

sürmek

դպցնելով անցընել

քսու

müzevir, fitne, kovcu, ara bozucu

բանսարկու, չարախօս, շոգմոգ

քսուիլ

sür(t)ünmek

հպելով անցնիլ

քստմնելի

tüyler ürpertici, dehşet verici

մազերը փուշ-փուշ ընող, սոսկալի, զարհուրելի, քասքնելի, սարսռազդեցիկ

քստմնիլ

ürpermek

սոսկալ, փշաքաղիլ, սարսափիլ

քրէական

ceza(i), cinai.

ծանր պատիժի արժանի

քրթմնջել

mızıldanmak

տրտնջալ, դժգոհիլ

քրիստոնեայ

Hıristiyan

քրիստոնէութեան դաւանող

քրոնիկ

müzmin, süreğen

երկարատեւ, տեւական

քրոնիկագիր

köşe yazarı

լրագրի մէջ քրոնիկ գրող (օրուան կարեւոր դէպքերու մասին)

քրտինք

ter

մորթի ծակտիկներէն արտաթորող հեղուկ՝ որ ունի աղի համ